2012-04-02 13:07:02

Արամ Ա.ին Վեհափառ Հայրապետը Կ՝Ողջունէ Հայ Մանուկները Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ։


Այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով փութացած էին Անթիլիասի Մայրավանքը հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու Քրիստոսի թափօրով Երուսաղէմ մուտքի տօնը: Արդարեւ, տարիներու ընթացքին հայ մանուկներու կեանքէն ներս ցնծութիւն յառաջացնող Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առնչուած այս դէպքը բնական ընթացքով դարձած էր Մանուկներու Օր: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց այս երեւոյթը, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս մանուկներու յատուկ թափօր կազմակերպելով եւ մանաւանդ հայ մանուկները իրենց ծնողներով ընդունելով Վեհարանէն ներս եւ անոնց բաշխելով իր հայրական օրհնութիւնը:

Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին Ծաղկազարդի Սուրբ եւ անմահ պատարագին հարիւրաւոր մանուկներու կողքին: Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան: Դպրեվանքի սարկաւագներուն ու սաներուն հետ միասին ՀԱՅ մանուկները մաս կազմեցին աւանդական թափօրին, զոր կը գլխաւորէր պատարագիչ Սրբազանը:

Թափօրի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի պատշգամէն իր հայրական խօսքը ուղղելով Մայրավանքի շրջաբակը լեցուցած մանուկներուն ու ծնողներուն ըսաւ. ՙԻ՜նչ հոգեպարար երեւոյթ է սա տեսնել ուրախութեամբ համակուած մեր հարիւրաւոր մանուկները, որոնք հաւատքի մղումով դիմաւորելու եկած են Քրիստոս: Վստահ եմ, որ Աստուծոյ Որդին կը հրճուի ի տես հաւատքի այս գեղեցիկ արտայայտութեան: Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին: Իր հաւատքի զօրութեամբ ան ապրած ու ստեղծագործած է ու գոյատեւած պատմութեան փոթորիկներուն մէջ՚: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով կրթելու մեր զաւակները: Ան ըսաւ, որ հայ ընտանիքը մեզի համար սրբութիւն է, որովհետեւ ան որոշ իմաստով եկեղեցի է, դպրոց է ու հայրենիք: Ա՜յս գիտակցութեամբ պէտք է հայ ընտանիք կազմենք. ա՜յս գիտակցութեամբ հայ ծնողքը պէտք է իր առաքելութիւնը կատարէ՝ դաստիարակելով իր զաւակները:

Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն վերջ պատարագը շարունակուեցաւ եւ ապա մանուկները իրենց ծնողներուն հետ միասին Վեհարան բարձրացան ստանալու համար Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.