2012-04-02 13:06:52

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական Պատգամը՝ Ծաղկազարդի Տօնին Առթիւ։


Ծաղկազարդի Տօնին առթիւ, կիրակի 1 ապրիին (2012) Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մատոյց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ այս առթիւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Յոյժ սիրելի երիտասարդ երիտասարդուհիներ,
Երէկ, վերջ գտաւ Քառասնորդաց շրջանը Ղազարու Յարութեան յիշատակով:
Այսօր, կը սկսինք Աւագ Շաբաթը, որ պիտի պսակուի Քրիստոսի Փառաւոր Յարութեամբ: Վաղը, սկիզբ կ‏՚առնէ Աւագ Շաբթուան պահքը: Անոնք որոնք լուրջ պահք չկրցան բռնել Քառասնորդաց շրջանին ընթացքին, առիթ ունին այդ օրերուն յատուկէն աղօթելու եւ պահք բռնելու։
Այսօրուայ ընթերցուածին մէջ սուրբ Պօղոս կը յորդորէ փիլիպեցիները, որ միշտ ուրախ ըլլան։ Իր խնդրածը ոմանց չափազանցութիւն կ՚երեւայ, որովհետեւ միթ՞է կարելի է միշտ ուրախ ըլլալ երբ ցաւեր եւ նեղութիւններ ունինք, եւ ո՞վ չունի։ Ասոր համար, սուրբ Պօղոս անմիջապէս կ՚աւելցնէ ըսելով. «Դարձեալ կը կրկնեմ՝ ուրախ եղէք» (Փիլ. 4,4)։ Եթէ սուրբ Պօղոս այսքան կը պնդէ, ըսել է թէ կարելի է միշտ ուրախ ըլլալ։ Բայց ի՞նչպէս դուն կրնաս իրապէս ուրախ ըլլալ երբ նիւթական նեղութեան մէջ ես, երբ ապագադ յստակ չէ, երբ մարդիկ անկեղծ չեն եւ չես կրնար իրենց վստահիլ, որ չըլլայ թէ խաբուիս եւ կամ երբ առանձին կը զգաս, որովհետեւ քեզ հասկցող մէկը չունիս, եւ այլն։
Ուրախ ըլլալը չի նշանակեր յաջողութիւն արձանագրել ուսման մէջ կամ գործին մէջ, եւ կամ ալ շատ դրամ շահիլ։ Այսպիսի ուրախութիւններ կարճատեւ են եւ առօրեայ նեղութիւնները կրկին քեզ յուսախաբութեան կը տանին։ Իսկական ուրախութիւնը սրտին մէջ կը ծնի, երբ մարդը կը զգայ որ զինք սիրող կայ, այսինքն երբ գտնէ մէկը որ զինք կ՚ընդունի ինչպէս որ է, իր տկարութիւններով եւ իր սխալներով հանդերձ, եւ պէտք չունի ձեւանալու թէ ինք կատարեալ է, որպէսզի ընդունուի իր շրջանակէն ներս։
Արդ, Յիսուս մեզ սիրեց ինչպէս որ ենք, եւ սիրոյն իր փաստ տուաւ երբ մեր մեղաւորի տեղը առաւ՝ մեր մեղքերը քաւելով ու մեր յանցանքները շալկելով խաչին վրայ։ Պահ մը երեւակայեցէք, այդ բոլորը Յիսուս ըրաւ առանց մեզմէ բան մը պահանջելու։ Երբ քրիստոնեայ անձ մը այսպիսի գիտակցութեան հասնի, ուրախ կ՚ըլլայ եւ այդ ուրախութիւնը ոչ ոք կրնայ իրմէ խլել։
Սոյն ուրախութեան վիճակին հասած էր սուրբ Պօղոս, երբ ըսաւ. «Լեցուն եմ մխիթարութիւններով, ուրախութեամբ կը հրճուիմ բոլոր նեղութիւններուս մէջ» (Բ. Կորն. 7,4)։ Սուրբ Պօղոսին նման, բազմաթիւ հաւատացեալներ նոյն կեանքի վկայութիւնը տուին դարերու ընթացքին։ Կը բաւէ կարդալ սուրբերուն կեանքը։ Այսօր ալ կը գտնուին ոչ քիչ քրիստոնեաներ, որոնք իրենց վիճակէն ուրախ են։ Հակառակ որ անոնցմէ ոմանք կը տառապին զանազան հիւանդութիւններէն, ուրիշներ առանձնութենէն, բայց բոլոր ասոնք համակերպած են իրենց վիճակին մասին, եւ իրենց մխիթարութիւնը աղօթքին մէջ կը գտնեն, մանաւանդ երբ խաչուած Յիսուսին նային։ Նշանը որ անձ մը ուրախ է, երբ դժգոհութիւն չի ցուցներ եւ չի գանգատիր իր կրած նեղութիւններէն։ Օրինակներ շատ կան, կը բաւէ աչքը բանալ։ Այս անձերը Յիսուսի սիրով զօրացած են եւ իրենց սրտի խաղաղութիւնը պահած են, որովհետւ իրազեկ եղած են, որ բոլոր մարդիկը տկար են եւ թէ աւելորդ է մարդոցմէ բան մը սպասել, եւ համոզուեցան որ միայն Յիսուս կրնայ իրենց սիրտը լիացնել։
Սիրելիներ, Եկեղեցին յատկացուցած է Ծաղկազարդի տօնը որպէս Համաշխարհային Օր Երիտասարդութեան համար։ Յիրաւի, երիտասարդները եւ երիտասարդուհիները կը կազմեն Եկեղեցւոյ յոյսն ու ապագան: Այս տարի, Բենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը ընտրած է իր յորդորին որպէս բնաբան՝ մեր այսօրուայ սուրբ Պօղոսի փիլիպեցիներուն թուղթը, որ քիչ առաջ լսեցինք, որ կ՚ըսէ. □Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ□ (Փիլ. 4,4), Սրբ. Պապը այսպէս կ՚արտայայտուի. □Ձեր առօրեայ միջավայրին մէջ անպատճառ կը հանդիպիք երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին լսել քրիստոնեայ պատգամ մը, որ իրենց կարենայ ներշնչել ուրախութիւն եւ յոյս։ Ինչպէս գիտէք, ամէնքս ունինք մեր ներքին էութեան մէջ ձգտում մը դէպի երջանկութիւն, որովհետեւ Աստուած մարդը ստեղծած է որպէսզի երջանիկ ըլլայ։ Անմիջական եւ անցողակի գոհունակութիւններէն անդին, մեր սիրտը կը բաղձայ խոր եւ տեւական ուրախութիւն մը ունենալ, որ կարող ըլլայ մեր կեանքին մնայուն երջանկութիւն տալ։
Բայց, ամէն օր կը հանդիպինք այլազան դժուարութիւններուն, որոնք մեզի կը պատճառեն այլեւայլ նեղութիւններ եւ երբեմն մեզի մտածել կու տան. մնայուն եւ իսկական ուրախութիւնը, որուն կը ձգտինք ցնորկան չէ ա՞րդեօք։ Պատասխանը յստակ է. Աստուծմէ հեռու չկայ մշտատեւ ուրախութիւն։ Արդարեւ, Աստուած ինքն է ճշմարիտ ուրախութեան աղբիւրը։
Փակեալ մայրապետներու վանք մը այցելած ատենս, երիտասարդ մայրապետ մը, հազիւ 26 կամ 27 տարեկան, ինծի ըսաւ. «Վերջին անգամ երբ ծնողքս ինծի այցելեցին, ինծի ըսին. «աղջի՛կ, եթէ հոս ազատութիւն չունիս կամ երջանիկ չես, կրնաս տուն վերադառնալ, մենք ուրախ պիտի ըլլանք»։ «Տուն ամէն բան ունէի, պատասխանեց սկսնակ մայրապետը, բայց հոգիի ազատութիւնը, որ հոս գտայ վանքին մէջ, ուրիշ տեղ չեմ գտած։ Ես շատ ուրախ եմ հոս Յիսուսին հետ եւ քոյրերուն հետ։ Հոս, ամէն բան ունիմ եւ ուրախ եմ»։ Միայն իսկական ուրախութեան փորձառու անձ մը կրնար այսպէս արտայայտուիլ։
Սակայն, մէկը կրնայ առարկել. ի՞նչպէս կարելի է երջանիկ ըլլալ փորձանքներուն ժամանակ, մանաւանդ երբ անոնք ցաւագին են։ Այս հարցումին բանաւոր պատասխանը կը գտնենք այն անձերուն մօտ, որոնք գտան Քրիստոսին քով լոյսը, որ իրենց տուաւ ոյժ եւ յոյս, մանաւանդ ամենադժուարին պարագաներուն ատեն։ 24 տարեկան երիտասարդ մը, Pier Giorgio անունով, հետեւեալը կը գրէր իր քրոջ. «Դուն կը հարցնես ինծի եթէ երջանիկ եմ։ Այո՛, ես երջանիկ եմ որքան ատեն որ հաւատք ունիմ, որ ինծի ոյժ կու տայ։ Եւ շարունակեց ըսելով. Համոզուած քրիստոնեան չի կրնար երջանիկ չըլլալ։ Նպատակը որուն համար մենք ստեղծուած ենք՝ մեզ կը պատրաստէ, նոյնիսկ փուշերուն մէջ ապրելու, բայց տխրութեան մէջ՝ երբեք։ Եւ փակեց նամակը, ըսելով. Ցաւերուն մէջ անգամ կեանքը բերկրանք կրնայ դառնալ»։ Այս երիտասարդը իբր օրինակ տալով Համաշխարհային Օրուայ Երիտասարդներուն, Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը ըսաւ. «Այդ երիտասարդը քաշողական ուրախութիւն մը ունէր. ուրախութիւն մը, որ կը գերազանցէր իր կեանքին բոլոր նեղութիւնները»։
Յոյժ Սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, կ՚ուզեմ ձեզ յորդորել որ ուրախութեան առաքեալներ ըլլաք։ Կարելի չէ երջանիկ ըլլալ եթէ ձեր շուրջինները երջանիկ չեն։ Պէտք է մասնակից դարձնէք զիրենք ձեր երջանկութեան։ Գացէ՛ք եւ պատմեցէ՛ք միւս երիտասարդներուն, կ՚ըսէ Սրբ. Պապը, որ դուք գտած էք թանկարժէք գանձ մը, Յիսուս Քրիստոսը, որ է ուրախութեան աղբիւրը։ Չէք կրնար ձեզի պահել ձեր ուրախութիւնը։ Զայն պահելու համար, կը պարտիք զայն ուրիշներուն փոխանցել։ Արդարեւ, Յովհաննէս Առաքեալը յստակ խօսքերով կ՚ըսէ. «Ինչ որ տեսանք եւ լսեցինք՝ զայն ձեզի կ՚աւետենք որպէսզի դուք ալ մեզի հետ հաղորդակցիք ... Ասիկա կը գրենք ձեզի որպէսզի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Ա. Յովհ. 1, 3-4)։

Սիրելիներ, թո՛ղ սուրբ Կոյս Մարիամ ձեզի ընկերանայ ձեր ուրախութեան ամենօրեայ ուղեւորութեան մէջ։ Ան ընդունեցաւ Յիսուս իր կուսական արգանդին մէջ եւ զայն աւետեց գոհաբանական եւ ուրախութեան «Մեծացուսցէ» երգով. «Անձս կը փառաւորէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով՝ իմ փրկիչովս» (Ղկ 1,47)։ Սուրբ Կոյս Մարիամ կոչուած է նաեւ «մեր ցնծութեան շարժառիթը», որովհետեւ Ան մեզի Յիսուսը տուաւ։ Թո՛ղ ձեր երկնաւոր Մայրը ձեզ մտցնէ այն ուրախութեան մէջ, որ ոչ ոք կարենայ ձեզմէ խլել եւ ձեզի օգնէ որ Յիսուսը, ուրախութեան աղբիւրը, կարենաք ուրիշներուն փոխանցել, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.