2012-04-01 09:37:21

BBC-ն Անդրադարձած՝ Կալկաթայի Հայերուն ։


Բրիտանական BBC-ին Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքի մէջ բնակող հայերու մասին իւրօրինակ լուսանկարներու շարք մը պատրաստած է:
Ինչպէս կը նշէ լրատուամիջոցը` Կալկաթայի Հայերը կը համարուին ամենասակաւաթիւ ազգային փոքրամասնութիւններէն մէկը: Տասնամեակներ առաջ անոնք հարուստ եւ ազդեցիկ մարդիկ եղած են, սակայն երթալով անոնց թիւը կը պակսի:
Կը նշուի, որ Կալկաթայի մէջ կը բնակին շուրջ 200 հայեր , որոնցմէ շատերը երբեք Հայաստան չեն այցելած: Հակառակ անոր որ հայերու մեծ մասն ամուսնացած է այլ ազգերու ներկայացուցիչներու հետ, այնուհանդերձ անոնք պահպանած են իրենց կրօնական եւ ազգային ինքնութիւնը:
Անդրադառնալով կրթական համակարգին, կը նշուի որ հնդկական քաղաքի մէջ կը գործէ Հայկական Քոլէճ եւ Մարդասիրական Ակադեմիա, ուր հայերէն բացի կ’ուսանին նաեւ այլազգի երեխաներ:
Հայերը Կալկաթա հասած են 1600-ականներուն, աւելի վաղ քան բրիտանացիները: Անոնցմէ շատերը եղած են հարուստ վաճառականներ, որոնք կառուցած են ածխահանքեր, հիւրանոցներ:
Կալկաթայի մէջ առաջին Հայկական Եկեղեցին` Սուրբ Նազարէթը, կառուցուած է 1707-ին եւ կը նկատուի քաղաքի ամենահին եկեղեցին:
Անդրադառնալով հարուստ հայերուն, BBC-ն կը նշէ, որ ազդեցիկ հայերը այլեւս միայն մարդոց յիշողութիւններուն մէջ կան: Կը նշուի, որ ծագումով Ճուլֆայէն Չարլզ Սարգիսը, որ մահացած է անցեալ տարի, Հայկական Քոլէճի «ամենահին շրջանաւարտն է»:
Ամփոփելով լուսանկարներու շարքը, լրատուամիջոցը BBC կը գրէ.«Կալկաթայի երիտասարդ հայերը թէեւ կ’ապրին իրենց համայնքի աւանդոյթներով, այնուամենայնիւ անոնք նաեւ հնդկական մշակոյթի ազդեցութեան տակ կը մնան »:








All the contents on this site are copyrighted ©.