2012-04-01 09:37:04

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն
՜՜Կոչ եկեղեցականներուն ու Ազգ. իշխանութեանց՝՝


Հայ Գիրքի Տարուան առիթով հայրական կոչ կ՛ուղղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ու Ազգ. իշխանութեանց, մեր մշակութային ու կրթական միութիւններուն, ազգային կառոյցներուն ու հոգեւոր դասուն՝ յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու հայ գիրքին, որպէս կենսատու աղբիւր մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն ու աւանդութեանց, մեր մշակութային թէ ազգային ժառանգութեանց ու իտէալներուն, ինչպէս նաեւ որպէս ազդու միջոց մեր ինքնութեան բիւրեղացման, պահպանման ու հարստացման։ Այս խոր գիտակցութենէն մղուած կը թելադրենք դիմել հետեւեալ քայլերուն.-
ա) Կոչ ուղղել մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն՝ որակ ունեցող եւ ոգի ու պատգամ փոխանցող գիրքեր հրատարակել, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները լայնօրէն ըմբոշխնեն հայ գիրքէն ճառագայթող արժէքները։
բ) Յատուկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ունեւոր ազգայիններ օգտակար հանդիսանան հայ գիրքի տըպագրութեան՝ մեկենաս դառնալով եւ կամ հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատելով։
գ) Քաջալերել, որ հայ ընտանիքներէն ներս հայ գիրքը դառնայ մնայուն ներկայութիւն՝ տնային յատուկ գրադարաններ հաստատելով ու ընթերցանութեան յատուկ կարեւորութիւն տալով։
դ) Գնահատել հրատարակչատուներու կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ մատչելի գիներ ճշդելով եւ գործնական միջոցներու դիմելով առաւելագոյն չափով տարածեն հայ գիրքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։
ե) Հետապնդել, որ մեր դպրոցներէն, կազմակերպութեանց ու համայնքային կեդրոններէն, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերէն ներս գրադարաններ հաստատուին, որպէսզի հայ գիրքին հետ հայ մարդուն մտերմութիւնը ըլլայ անմիջական ու մնայուն։
Վերոյիշեալ եւ այլ շօշափելի քայլերու դիմելով, մեր սպասումն է որ հայ գրքին կարեւոր տեղը եւ կենսական դերը վերարժեւորուի ու վերաշեշտուի հայակերտումի ու հայապահպանման, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի մեր համահայկական ճիգերուն մէջ։
Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ի՛ր երկնային շնորհներով ու բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի։








All the contents on this site are copyrighted ©.