2012-03-31 12:29:50

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «ՃԱՆԱՉՈՒՄԷՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» Գիտաժողովի Արդիւնքներու Մասին Հանդիպում ՝ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Համայնքներու Պատուիրակութիւններու Միջեւ։


Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման գործադիր մարմնի հանդիպումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատուիրակութեան։ Հանդիպման նպատակն էր Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցել Անթիլիասի մէջ գումարուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն հատուցում» միջազգային համագումարին արդիւնքները եւ ասոնց լոյսին տակ քննարկել Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման գծով երեք համայնքներու հայապատկան կալուածներու ցանկագրման կարեւորութիւնն ու աշխատանքի կարելիութիւնները:
Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներուն մաս կը կազմէին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման գործադիր մարմնի անդամներ պրն.Սարգիս Նաճարեան, պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան եւ պրն.Կրէկուար Գալուստ, իսկ հանդիպումին Վեհափառը կը ներայացնէր Գերաշնորհ Նարեկ Արք. Ալեմեզեանը, որուն կ՚ընկերակցէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ պրն. Խաչիկ Տէտէեան:

Հանդիպումին սկզբնաւորութեան, Գերաշնորհ Հայր Նարեկ Սրբազան Ալեմեզեան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեց Վեհափառին ջերմ ողջոյններն ու շնորհակալութիւնը` 1894-1897ին տեղի ունեցած հայոց ջարդերու մասին իտալերէնով գիրք մը նուիրելուն առիթով: Հոգեւոր Տէրը սրբազանին յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստաթուղթ մը Վատիկանի գաղտնի արխիւներու մասին: Նարեկ սրբ. Ալեմեզեան հաստատեց, որ Անթիլիասի համագումարը իր բնոյթին մէջ եզակի նախաձեռնութիւն մըն էր, որուն ընթացքին Վեհափառը շեշտած էր, թէ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ միասնաբար պիտի քննարկուի եկեղեցական եւ ազգային կալուածներու վերատիրացման հարցը: Սրբազանը աւելցուց, որ այս հանդիպումը կը գտնուի վերոնշեալ աշխատանքը գործնականացնելու շրջագիծին մէջ:
Ապա պրն. Խաչիկ Տէտէեան ամփոփ կերպով ներկայացուց համագումարին արդիւնքները, որոնք նոր հունաւորում կու տան ազգային պահանջատիրութեան աշխատանքներուն։ Պրն. Տէտէեան ըսաւ, որ համագումարին մասնակից օտարազգի բոլոր դատախազներն ու իրաւագէտները ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնած են հատուցման հարցին վերաբերեալ միջազգային ատեան ներկայանալու ճիգերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու:
Հոգեւոր Տէրը նախ եւ առաջ մեծապէս արժեւորեց Անթիլիասի համագումարը եւ իր կարգին հաստատեց, որ այս հաւաքը իր բնոյթով աննախընթաց էր ու եզակի: Անդրադառնալով կալուածներու ցանկագրման աշխատանքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հաստատեց, որ «Անգործակցութիւնը անընդունելի է» եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքը իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ իրականացնելու համար այս աշխատանքը:
Նարեկ սրբ. Ալեմեզեան յայտնեց, որ Վեհափառը նկատած է, որ մինչեւ այսօր հատուցման աշխատանքները արդիւնքի չեն հասած, եւ այս աշխատանքին թափ տալու համար պէտք է ներքին առումով կազմակերպուիլ եւ ճշդել պահանջները ու հաւաքել փաստաթղթերը:
Հայապատկան կալուածներու ցանկագրման աշխատանքի իրականացման համար Հոգեւոր Տէրը առաջարկեց կազմել երեք համայնքներէ բաղկացած ներկայացուցչական մարմին մը եւ տարեկան հանդիպում կազմակերպել գլխաւորութեամբ 3 համայնքապետներու: Այս մարմինը ամբողջ տարուան ընթացքին կ՚աշխատի, հերթական հանդիպումներ կ՚ունենայ իրարու փոխանցելու նորագոյն տեղեկութիւնները եւ տարեկան համայնքապետերու հանդիպումին կը փոխանցէ գործունէութիւնը ներկայացնող եւ արժեւորող զեկուցումներ: Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, որ այս աշխատանքին իրականամցան համար մասնագէտներուն ներկայութիւնը եւ գործնական մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է, եւ թէ հարկաւոր է այս ուղղութեամբ պատրաստել նոր տարրեր, եւ արդէն իսկ մեր համայնքին մէջ երիտասարդ մը պիտի պաշտպանէ իր Դոքթորայի աւարտաճառը գալ Սեպտեմբերին Ցեղասպանութեան նիւթին մասին:
Մասնագիտական աշխատանք տանելու հարցին ակնարկելով, պրն. Խաչիկ Տէտէեան յայտնեց, որ Վեհափառը կը մտածէ հաստատել այս աշխատանքներուն յատուկ գրասենեակ մը, որ վստահաբար պիտի ունենայ մասնագէտ եւ փորձառու պատասխանատու մը: Հոգեւոր Տէրը աւելցուց, որ մինչեւ 1958 թուականի Վատիկանի արխիւները բաց են մասնագէտներուն ընդառաջ:
Հայր Նարեկ սրբ. Ալեմեզեան ըսաւ, որ Վեհափառը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքին հետ քննարկած է այս վերջնոյն Թուրքիա այցելութեան հարցը: Վեհափառը շեշտած է, որ հայութիւնը պահանջատէր կը մնայ իր իրաւունքներուն: Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Միջին Արեւելքի բոլոր հոգեւոր պետերը համախմբելու քաղաքականութեան շուրջ Սրբազանը աւելցուց, որ Վեհափառ Ռայի Պատրիարքին յայտնած է, թէ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ նմանօրինակ հաւաքի մը:
Մարոնի Պատրիարքին հայանպաստ գործունէութիւնը ներկայացնելով, Հոգեւոր Տէրը յիշեցուց, որ անցեալ տարի Մալոյեանի երանացման 10-ամեակին առիթով Ռայի Պատրիարքը արտասանած էր խիզախ ճառ մը, որուն յաջորդող օրերուն փոխանցած էր, թէ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին յիշեցուցած էր հայութեան իրաւունքներուն հարցը:

Հանդիպումին աւարտին, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Մենք պիտի գործենք միասնաբար, պիտի ըլլանք մէկ ոգի եւ մէկ մարմին: Կը գնահատեմ այս անկեղծ, սրտբաց եւ շահեկան նախաձեռնութիւն-հանդիպումը: Յոյս ունիմ, որ այս հաւաքը հիմք կը ծառայէ յառաջիկայ իրերայաջորդ եւ գործնական հանդիպումներու կայացման: Եղբայրական ջերմ ողջոյններս փոխանցեցէք Վեհափառին եւ շնորհակալութիւններս` այս աննախընթաց համագումարը կազմակերպելուն առիթով: Մեր ակնկալութիւնն է, որ այս համագումարին արդիւնքները մօտակայ ապագային բացայայտուին եւ իրողապէս հատուցման աշխատանքները առարկայական հիմունքներով ընթացք առնեն: Այս աշխատանքը երկար շունչ, հաւատք, մասնագիտական գործունէութիւն եւ նուիրում կը պահանջէ եւ մենք պատրաստ ենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը վերցնելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.