2012-03-31 13:19:42

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանը ։


Հինգշաբթի 29 Մարտ-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի եւ Կովկասի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմեզեան:
Գերապայծառը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի մէջ կատարած իր հովուական ու մարդասիրական աշխատանքներուն մասին : Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ խորհրդակցաբար ու գործակցաբար ան կը կատարէ իր ծառայութիւնը հայ կաթողիկէ համայնքին: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը՝ ինչ ալ ըլլան մեր դաւանական, յարանուանական կամ քաղաքական տարբերութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.