2012-03-30 13:09:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Երիտասարդութեան Համաշխահային Օրուան Առթիւ։
''Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ''։


Ամէն տարի տեղական թեմերու մէջ, Ծաղկազարդի օրը կը նշուի նաեւ Երիտասարդութեան Համաշխահային Օր։
Այս օրուայ առթիւ իր յղած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ որ 2012ի Երիտասարդութեան օրուայ բնաբանը ''Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ'' գաղուած է Պօղոս առաքեալի Փիլիպեցիներուն ուղղած թուղթէն, գլուխ 4,համար 4։
Ուրախութիւնը, կը գրէ Սրբազան Հայրը, քրիստոնէական յոյսի կեդրոնական տարր մըն է։ Ներկայ աշխարհը որ յատկանշուած է տխրութեամբ ու մտավախութեամբ, ուրախութիւնը յոյժ կը դառնայ կարեւոր վկայութիւն մը քրիստոնէական հաւատքի գեղեցկութեան ու ապահովութեան։
Եկեղեցւոյ կոչումն է աշխարհին բերել ճշմարիտ ու մնայուն ուրախութիւն, նման այն ուրախութեան որ հրեշտակները աւետեցին հովիւներուն Յիսուսի ծննդեան օրը։
Մեր ներկայ ժամանակներուն, բազմաթիւ երիտասարդներ կենսական կարիքը ունին լսելու քրիստոնէական պատգամը, որ է ուրախութեան ու յոյսի պատգամ։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ կը խորացնէ Քրիստոնէական ուրախութեան իմաստն ու նշանակութիւնը եւ այնպէս որ այսօրուան երիտասարդը կարողանայ ոչ միայն ապրիլ զայն այլեւ հաղորդել զինք շրջապատողներուն։

Սրբազան Հայրը մանաւորապէս Կ՛ ընդգծէ որ
- Մեր սիրտը եղած է ուրախութեան համար
- Աստուած աղբիւրն է ճշմարիտ ուրախութեան
- Պահպանել սիրտի մէջ քրիստոնէական ուրախութիւնը` մասնաւորապէս
Սիրոյ ուրախութիւնը
Դարձի եւ զղջումի ուրախութիւնը
Ապաշխարութեան ուրախութիւնը
Փորձանքի պահերուն ուրախութիւնը
Ուստի ուրախութեան վկայութիւնը տալու հարկաւորութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ'եզրափակէ հրաւիրելով երիտասարդները ըլլալու խանդավառ առաքեալները նոր աւետարանութեան։
<<Քրիստոսի Աւետարանը ճանչցուցէք տառապեալներուն, ճշմարտութիւնը փնտռողներուն, ճանչցուցէք անոնց` ուրախութիւնը որ Յիսուսը կ'ուզէ պարգեւել բոլորին։ Փոխանցեցէք այս աւետիսը ձեր ընտանիքին, դպրոցին, համալսարանին, աշխատավայրին, բարեկամներուն։ Պիտի տեսնէք որ ուրախութիւնը փոխանցիկ է եւ ձեր վարձքը պիտի ըլլայ հարիւրապատիկ։ Պիտի ունենաք ուրախութիւնը փրկութեան` Աստուծոյ ողորմութեան ներգործութիւնը մարդոց սիրտերուն մէջ։ Ձեր վերջնական հանդիպումին օրը Տիրոջ հետ, Ան ձեզի պիտի ըսէ. ''բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտիր Տիրոջ ուրախութեան մէջ''։


Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիմամը ըլլայ ձեր ճանապարհակիցը ։ Ան իր մէջ կրեց Տէրը եւ զայն յայտնեց Մեծասցուցէ գովաբանութեան եւ ուրախութեան երգով ''Անձն իմ կը փառաբանէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով` իմ Փրկիչովս''։ Մարիամ լիովին համապատասխանեց Աստուծոյ սիրոյն` իր կեանքը նուիրելով Անոր, խոնարհ ու ամբողջական ծառայութեամբ։ Թող ան ձեզ առաջնորդէ այն ուրախութեան որ ոչ ոք պիտի կարողանայ ձեզմէ խլել։








All the contents on this site are copyrighted ©.