Հայ նշանաւոր յօրինող Ալեքսանդր Յարութիւնեան կնքած է իր մահկանացուն՝ 92 տարեկանին։ Անոր
առաջին ծաւալուն ստեղծագործութիւններէն եղած է«Հանդիսաւոր ձօն եւ քայլերգ»ը՝ սիմֆոնիք
նուագախումբի համար, «Դաշնամուրի կոնցերտը», «Հայաստան 88» ստեղծագործութիւնը, իսկ «Ասք
հայ ժողովրդի մասին» քառամաս վոքալ-սիմֆոնիկ բանաստեղծութիւնը ժամանակակից հայ երաժշտութեան
ձեռքբերումներէն է: Ալեքսանդր Յարութիւնեանը գրած է երաժշտութիւն թատրոնի եւ շարժապատկերի
համար: