2012-03-29 12:23:23

Սինկափուրի Առաջին Թերթը ու Եկեղեցին Հիմնած են Հայերը (Կ՝ըսէ Սինկափուրի Նախագահը)։ Սերժ Սարգիսեան Սինկափուրի Մէջ։


Նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատուին Սինկափուրի նախագահ Թոնի Տան Քէն Եամի տուաւ պետական ընթրիք մը : Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ նախ երախտագիտութիւն յայտնած է Սինկափուրի Նախագահին եւ երկրի իշխանութիւններուն ջերմ հիւրընկալութեան համար, ապա անդրադարձած հայ-սինկափուրեան յարաբերութիւններու աւանդաշատ պատմութեան, ներկային եւ հեռանկարին:
Ընդգծելով, որ երկու երկիրներու պատմութեան մէջ Հայաստանի նախագահի ներկայիս պետական այցը առաջինն է նախագահական մակարդակով, որ կը հաւաստէ Հայաստան-Սինկափուր միջպետական յարաբերութիւններու հասունութեան որոշակի հանգրուանի հասնելու մասին, Սերժ Սարգսեան նշած է, որ տպաւորուած է Սինկափուրի նուաճումներով, Նախագահ Թոնի Տանի եւ Վարչապետ Լիի հետ իր ունեցած հանդիպումներով:
Իսկ Սինկափուրի նախագահ Թօնի Տան Քէն Եամն յայտնած է, որ Սինկափուրի մէջ առաջին Թերթը տպագրած են ու առաջին Քրիստոնէական եկեղեցին կառուցած են հայերը, իսկ վարչապետ Լի Սան Լուն նշած է, որ առեւտրային յարաբերութիւնները երկրի մէջ զարգացած են 19-րդ դարուն՝ գլխաւորապէս հայ առեւտրականներու ջանքերուն շնորհիւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.