2012-03-28 12:32:20

Սրբազան Քահանայապետը կը Հանդիպի Ռաուլ Գասդրոյին


RealAudioMP3 Երեքշաբթի 27 մարտի յետմիջօրէի, ժամը 17.30ին Սրբազան Քահանայապետը Գուպյաի Նախագահական Պալատի Բալասիո Տէ Լա Ռէվոլուսիոնի (Յեղափոխութեան Պալատ) մէջ հանդիպում ունենցաւ Գուպայի նախագահ` Ռաուլ Գասդրոյի հետ։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետի ու Գասդրոյի միջեւ նախատեսուած առանձնական հանդիպումը տեւեց սպասուածէն աւելի։ Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու եւ Նախագահ Գասդրոյի ընտանեկան պարագաներու ներակայացումը ինչպէս նաեւ նուէրներու փոխանակում։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ու Գասդրոյի միջեւ տեղի ունեցած Հանդիպումի ընթացքին Նախագահական Պալատի սրահներէն մէկուն մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն հանդիպում ունեցաւ Գուպայի Պետական Խորհուրդի Փոխ Նախագահ` Էսդեպան Լածոյի հետ։ Սոյն Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայածառ Տոմինիք Մամպերթին` Վատիկանի Պետութեան կառավարիչ գերապայածար Պէչչու եւ Գուպայի մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքեալկան նուիրակ` գերապայծառ Պրունօ Մւզարօ։
Վատիկանի Բանբեր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գուպայի Նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին խնդրանք ներկայացուցած է որպէսզի Աւագ Ուրբաթ օրը որ Գուպայի ժողովուրդի հոգեւոր աւանդութեան կարեւոր մասնիկ մըն է, դառնայ Պետական իշխանութիւններէն ընդունուած տօնական օր մը. Այնպէս ինչպէս Սուրբ Ծննդեան Տօնը ճանչցուեցաւ որպէս տօնական օր երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի 14 տարիներ առաջ Գուպա կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք։

Սրբազան Քագանայապետի եւ Ռաուլ Գասդրոյի հանդիպման աւարտին երկու ղեկավարները Պալարի պաշտօնական մուտքին ողջունեցին ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայացուցիչները հուսկ Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելով նախագահէն վերադարցաւ Առաքելական դեսպանատուն ուր երեկոյան ընդունեց Գուպայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի անդամները։








All the contents on this site are copyrighted ©.