Խոսէ Մարթիի անուան Յեղափոխութեան Հրապարակը մեծապէս խորհրդանշական է Գուպայի համար,որը
բեմ կը հանդիսանայ մեծ հաւաքներու ,քանի կրնայ բովանդակել շուրջ 600 հազար հոգի։ Խոսէ
Մարդի (1853-95) հանրածանօթ լրագրող եւ բանաստեղծ, գործոն շարքային մը եղած է Սպանական
Տիրապետութեան դէմ։ Աքսորուած է նախ Սպանիա ապա Մեսսիքօ,ապրած է Լատին Ամերիկայ,Փարիզ
եւ Նիւ Եորք ,նախ քան Գուպա վերդառնալը ուր կը սպաննուի Սպանացիներու դէմ տարուած պատերազմին։
Խոսէ Մարթի այսօր կը նկատուի Լատին Ամերիկայի մէջ քերթողական արուսետի արդիապաշտ
դպրոցի նախաձեռնողներէն մին ։