2012-03-27 19:30:56

Վիրճէն Տէ Lա Գարիտատի Սրբավայրին Մէջ Արտասանած Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը։
<<Շարունակեցէք Ձեր Կեանքը Հիմնել Յիսուս Քրիստոսի Ամուր Ժայրին Վրայ>>


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի 27 մարտին ուխտագնացութիւն կատարեց Վիրճէն Տէ լա Գարիտատի սրբավայրը։ Սրբավայրի Պազիլիքայի մուտքին իր արտասանած Ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ։

<<մինչեւ Ողորմութեան Տիրամօր այս ուխտատեղին եկայ, որպէս ուխտաւոր...կ՛ողջունեմ ձեզմէ ամէն մէկը։ Ընդունեցէք Սրբազան Քահանայապետի գորովը եւ զայն տարէք ամենուրէք որպէսզի ամէնքն ալ ապրին հաւատքի զօրութեան փորձառութիւնը։ Բոլորին հաղորդեցէք որ Աստուածամօր հոգածութեան յանձնեցի ձեր երկրին ապագան, որպէսզի ան յառաջանայ նորոգումի եւ յոյսի ճանապարհով,բոլոր գուպացի ժողովուրդի բարիքին համար։
Աղօթեցի Տիրամօր որպէսզի հոգայ բոլոր տառապողներուն կարիքները` աղօթեցի ազատութենէ զրկուածներուն, եւ դժուարութեան մէջ ապրողներուն համար։ Միեւնոյն ատեն անոր Սիրոյ խնամքին յանձնեցի երիտասարդները որպէսզի անոնք դառնան Քրիստոսի իսկական բարեկամներ, եւ չզիչին դիւրին գաղափարականներու առջեւ որ իրենց ետին միայն տխրութիւն կը թողուն։ Աղօթեցի նաեւ Ափրիկէէն ժամանող Գուպացիներուն ու նաեւ Մօտիկ Հայիթի Կղզիի բնակիչներու համար որ տակաւին կ՛ապրին երկրաշարժի թողած ծանր հետեւանքները։ Տիրամօր օրինակով կը խրարխուսեմ այս երկրի բոլոր զաւակները որ շարունակեն իրենց յանձնառումը հիմնելու` իրենց կեանքը Յիսուս Քրիստոսի Ամուր Ժայրին վրայ եւ աշխատելու` արդարութեան համար ու ըլլալու <<սիրոյ ծառաները>>։ Թող ոչ մի բան ու ոչ մէկը կարենայ ձեզ հեռացնել ձեր ներքին ուրախութենէն որ Գուպայի ժողովուրդի հոգիին յատկանշական մէկ մասն է։ Աստուած Ձեզ օրհնէ։ >>








All the contents on this site are copyrighted ©.