2012-03-27 14:21:19

Պենետիկտոս ԺԶ Ուխտագնացութիւն կը Կատարէ Վիրճէն Տէ Lա Գարիտատի Սրբավայրը։


RealAudioMP3 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գուպա կատարած հովուական այցելութեան առթիւ երեքշաբթի 27 մարտին ուխտագնացութիւն կատարեց Վիրճէն Տէ լա Գարիտատի սրբավայրը հոն զետեղուած սրբանկարի ջերմեռանդութիւնը կատարելով եւ որուն գիւտի 400րդ ամեակի առթիւ երէկ 26 մարտի յետ միջօրէին Բլազա Անթոնիօ Մաչէօ հրապարակի վրայ մատոյց բացօթեայ սուրբ պատարագ։
Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.15 (Իտալիոյ ժամով 16.15 անց) հրաժեշտ առնելով Սան Պազիլիօ Մանիօ Նորընծայարանէն, քահանայապետական յատուկ իքնաշարժով ուղղուեցաւ Էլ Գոպրէի Սրբավայրը ուր ժամանեց Ժամը 9.30-ին եւ ուր զինք դիմաւորեցին Սանդիակոյի Արքեպիսկոպոսը եւ Սրբավայրին Ռէկտորը։
Ներկայութեամբ Գուպայի եպիսկոպոսներուն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն Սրբազան Հայրը մուտք գործեց Պազիլիքա եւ Սուրբ Հաղորդութեան տապանակին առջեւ պահ մը երկրպագելէ ետք` ուղղուեցաւ Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատի Սրբանկարին առջեւ ու անոր ոտքին ծնկադրելով մոմ մը վառեց ու արտասանեց անոր նուիրուած աղօթքը։ Այս արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Պազիլիքաի մուտքը ու բակին մէջ համախմբուած հոծ բազմութեան ճառ մը արտասանեց։


Սանդիակօ Տէ Գուպայէն դէպի Լա Հապանա
Վիրճէն Տէ Lա Գարիտատի Սրբավայրին ուխտագնացութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը, հրաժեշտ առին Սանդիակօ Տէ Գուպայէն եւ ուղղուեցան օդակայան ուրկէ մեկնեցան դէպի Հապանա` առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը։
Սրբազան Քահանայապետի սաւառնակը Հապանայի օդակայան կը ժամանէ կէսօրին` (իտալիոյ ժամով 19-ին) ուր զինք կը դիմաւորէ
Գուպայի Առաջնորդ` Ճէյմ Օրդեկա կարտինալը, ու երկրի քաղաքական եւ եկեղեցական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Հանդիպում Ռաուլ Գասդրոյի Հետ
Երեքշաբթի 27 մարտի յետմիջօրէի, ժամը 17.30ին Սրբազան Քահանայապետը Բալասիո Տէ Լա Ռէվոլուսիոնի մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Գուպայի նախագահ` Ռաուլ Գասդրոյի ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ։Շատ հաւանական է որ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպի նաեւ ֆիտէլ Գասդրոյի հետ։
Երեկոյեան, Առաքելական Դեսպանատան մէջ, Նորին Սրբութիւնը կ՛ընդունի Գուպայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասը ու անոնց հետ կը բաժնեկցի եղբայրական ակափը։









All the contents on this site are copyrighted ©.