2012-03-27 07:44:23

Գուպա: Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատի Սրբանկարի Գիւտին 400 Ամեակի Առիթով Սուրբ Պատարագ:


RealAudioMP3 Երկուշաբթի 26 Մարտի յետ միջօրէի ժամը 17ին (Գուպայի տեղական Ժամով) Քահանայապետական յատուկ իքնաշարժով Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Սանդիակօ Տէ Գուպայի Բլազա Անթոնիօ Մաչէօ հրապարակը ուր գլխաւորեց Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատի սրբանկարի գիւտի 400 ամեակի առիթով բացօթեայ Սուրբ Պատարագը։
Նշենք որ Բլազա Անթոնիօ Մաչէօ հրապարակը կը կրէ Գուպայի ընդդիմութեան պայքարի հերոսի մը անունը եւ կրնայ մինչեւ 200 հազար անց ընդգրկել։
Սուրբ Պատարագէն առաջ Վիրճէն Տէ Լա Գարիտատի տախտակէ արձանի իսկական օրինակը թափորով զետեղուեցաւ Հրապարակի վրայ արժանանալով հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան։
Սուրբ պատարագի սկիզբը խօսք առաւ Սանդիակօ Տէ Գուպայի Արքեպիսկոպոսը որ Բարի Գալուստի ողջոյնի խօսք ուղղեց Սրբազան Քահանայապետին։ Ապա սկիզբ առաւ սուրբ զոհի արարողութիւնը որուն մասնկացեցան Գուպայի եպիսկոպոսները,Գուպայի Նախագահ Ռաուլ Գասդրոյ եւ աւելի քան 200 հազար հաւատացեալներ։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտսանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք պատկան իշխանութիւնները անդրադարձաւ Էլ Գոպրէի սրբանկարին Գիւտի 400րդ յոբելեանի առթիւ Գուպայի եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած Մարեմեան Տարւոյն։ Ապա խորհրդածութիւն մը կատարեց Յիսուսի մարդեղութեան մասին յատուկօրէն անդրադառնալով կեանքի արժէքի մասին եւ մատնանշելով թէ ինչպէս Աստուած կը յարգէ մարդու ազատ կամքը։ Սրբազայն Հայրը հուսկ հրաւիրեց Գուպայի կաթողիկեները ըլլալու աւետարանի վկաներ` ու յատուկէն նշեց ընտանիքի կարեւորութիւնը։
Խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը կոչ ըրաւ Գուպայի Ժողովուրդին նոր սլացք մը տալու իրենց հաւատքին եւ ապրելու Քրիստոսը ու Քրիստոսի մէջ, ու խաղաղութեան` ներումի` եւ հանդրժողութեան զէնքերով յանձնառութեամ կերտելու նոր ընկերութիւն մը, աւելի լաւ եւ մարդու արժանավայել ընկերութիւն մը որ աւելիով ցոլացնէ Աստուծոյ բարութիւնը։
Սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Սանդիակօ Տէ Գուպայի Սան Պազիլիօ Մանիօ նորընծայարանը ուր գիշերեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.