2012-03-26 11:55:40

Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդը Խորհրդաժողովի Կը Հրաւիրէ Վարտիկանի Մօտ Հաւատարմագրուած Դեսպանները։


23 դիւանագէտներր դրական պատասխան տուած են։

Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդը Խորհրդաժողով մը կազմակերպած է որուն հրաւիրած է Վարտիկանի Մօտ Հաւատարմագրուած Դեսպանները։ Հաւաքին նպատակն է ճանչցնել դեսպաններուն մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի գործունէութիւնը։ Յայտագիրը կը ներփակէ այցելութիւն մը Ատրեանոսի տաճարին ու նախատեսուած է հանդիպում մը Հռոմի առեւտուրի նախագահին հետ, ապա այցելութիւն մը մայրաքաղաքի երաժշտութեան լսարանին։ Հանդիպումին նպատակն է ամրապնդել կապերը դեսպանութիւններու հետ եւ նոր եղանակներ որոնել մշակութային համագործակցութիւն հաստատելու այն երկիրներուն հետ որոնք Վատիկանէն հեռու են։ Անցեալ տարի Վատիկանի քահանայապետական խորհուրդը նման հանդիպում մը կազմակերպած էր ասիական դեսպանութիւններու հետ եւ անոնցմէ 22ը մասնակցած էին հանդիպումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.