2012-03-25 10:47:01

Քրիստոնեաներու Դէմ Հարստահարումը Սկիզբ Առած է Սուրիոյ Հոմս Քաղաքին մէջ։


Ցեղցային ու կրօնական մաքրագործում սկիզբ առած է Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ գլխաւորութեամբ Ալ ֆարուք, ալ քայտա եւ ուահապեկան գունդերուն։ Մարդու իրաւունքերու ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը ամբաստանած է յիշեալ գունդերը որպէս յանձաւոր բռնանարքներու, զեղծարութեան ու գանակահարութեան։ Մահմետական զինեալներ բռնի ոյժով կարողացած են քրիստոնեաները իրենց օճախներէն արտահանել ու բռնագրաւել անոնց տուներն ու ինչքերը։
Տեղւոյն եկեղեցւոյ տեղեկատուութեան համաձայն Ալ ֆարուք զինեալ գունդը կազմուած է ալ քայտա, ուահապական ու Լիպիայէն ու Իրագէն եկած վարձականներէն։
Հալէպի առաքելական տեղապահ գերապայծառ Նածարոյի գնահատումով օտար մամուլը ճշկրիտ տեղեկութիւններ չի հաղորդեր Սուրիոյ իրավիճակին մասին։ Մահմետական ու ահաբեկչական շարժումներու ներկայութիւնը փլուզեց լռութեան պատը որ բարձրացուցած էր արեւմտեան մամուլը Սուրիոյ դէմ, ընդգծելով որ օտար մամուլը բոլոր ճշմարտութիւնը չի հաղորդեր։ Նշենք որ յիսուսեան հայրերը Հոմսի մէջ հերոսաբար կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը օգնութեան հասնելով ինչազուրկերուն, փախստականներուն ու դաստիարակելով նոր սերունդը մշակութեան ու կրօնական հանդրժողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.