2012-03-25 10:16:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մանուկներու հետ Հանդիպումը։


RealAudioMP3 Շաբաթ 24 մարտի յետ միջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահայապետը պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Մէքսիքոյի Հանրապետութեան նախագահ ֆէլիբ Գալդէրոնի։ Հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Խաղաղութեան Հրապարակի <>ի վրայ համախմբուած մանուկներուն։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Պնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց Մէքսիքոյի Մանուկներուն հետ հանդիպման համար յատկապէս յիշելով այն մանուկները որոնք կը կրեն տանջանքի, անտեսման, սովի եւ բռնութեան բերը, վերջին ամիսներուն երկիրը հարուածող երաշտի եւ սովի պատճառաւ։

Արբազան Հայրը կը հաստատէ թէ Աստուած մեզ կը ճանչնայ ու կը սիրէ եւ եթէ թոյլ տանք որ Քրիստոսի սէրը բարեփոխէ մեր սրտերը կարելիութիւն կ՛ունենանք աշխարհը փոխելու եւ այս է ահա իսկական երջանկութեան գաղտնիքը։

Սրբազան Հայրը հուսկ կը խօսի խաղաղութեան մասին մատնանշելով թէ ան կու գայ Վերէն։ <<Խաղաղութիւն Ամենեցուն>> Քրիստոսի աշխարհ բերած խաղաղութիւնն է որուն համար Ան իր կեանքը զոհեց։ Քրիստոսի աշակերտը չարին չարով չի պատասխաներ որովհետեւ ինք բարիի գործիք է` ներումի գործիք, երջանկութեան պատգամաբեր եւ միութեան ծառայ։

Մէքսիքօ եկայ իմ սէրս յայտնելու ձեցի - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ձեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է Մէքսիքօյին եւ համայն աշխարհին համար։ Ձեր ընտանիքները, եկեղեցին, ձեր դպրոցը եւ ընկերութեանմէջ պատասխանատուութիւն ունեցողները միասնաբար համագործակցելու են որպէսզի ձեզի իբրեւ ժառանգ թողուն աւելի լաւ աշխարհ մը` առանց եսասիրութեան եւ բաժանումներու։

Սուք սիրելի փոքր բարեկամներս միայնակ չէք։ Վստահեցէք Քրիստոսի եւ անոր եկեղեցւոյ օժանդակութեան քրիստոնէական կեանք մը աղպրելու համար - յարեց Սրբազան հայրը ու հրաւիրեց մանուկները յանձնառումով մասնակցելու եկեղեցւոյ կեանքին, կիրակնօրեայ Սուրբ Զոհին, քրիստոնէական ուսուցման օրինակ առնելով Քրիստոպալ` Անթոնիօ եւ ճովաննի երիտասարդ մէքսիքացի եռանելիներէն որոնք հակառակ իրենց փոքր հասակին հասկցան թէ Քրիստոսէ աւելի մեծ հարստութիւնը մը չիկայ։

Կը փափաքէի աւելի ժամանակ անցնել ձեր հետ - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խօսքը - սակայն պէտք է երթամ։ Միացած կը մանանք աղօթքի մէջ։ Ձեզ կը հրաւիրեմ միշտ աղօթելու եւ ձեր ընտանիքներէն ներս ապրելու Աստուծոյ մասին խօսելու փորձառութիւնը։ Աղօթեցէք բոլորին համար` ինծի համար ալ։ Ես ալ կ՛աղօթեմ ձեցի համար որպէսզի Մէքսիքոն ըլլայ օճախ մը ուր անոր բոլոր զաւակները ապրին համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ Ձեց բոլորդ կ՛օրհնեմ: Տիրամայրը ըլլայ ձեզի հովանի։ Սրտագին շնորհակալութիւններ ձեզի փոքրիկ իմ բարեկամներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.