2012-03-25 13:48:22

Մէքսիքօ։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ՜՜Parco del Bicentenario՝՝ Երկուհարիւրամեակի Զբօսայգիին Մէջ Կը Գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի Արարողութիւնը։


RealAudioMP3 Պենտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մէքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը օրէ օր կը ոգեւորէ Մէքսիքացի հաւատացեալները որոնք այսօր առաւօտեան - Մէքսիքոյի ժամով- ժամը 10ին ՜՜Parco del Bicentenario՝՝ Երկուհարիւրամեակի Զբօսայգիին մէջ կը մասնակցին Սրբազան Քահանայապետի Գլախաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9ին Միրաֆլորէսի զբօսադաշտէն մեկնելով ուղղաթիռով կ՛ուղղուի դէպի ՜՜Parco del Bicentenario՝՝ ուր գիշերուայ ընթացքին հազարաւոր երիտասարդներ հսկումի աղօթքներով ու հոգեւոր երգեցողութիւններով պատրաստուեցան այս պատմական արարողութեան։
Սրբազան Հայրը առիթը կ՛ունեանայ վերէն դիտելու Մեքսիքոյի ՝՝Քրիսթօ Տէ Էլ Գուպիլեթէ՝՝ Կոչուած Յիսուսի հսկայական Արձանն ու Սրբավայրը։
՜՜Parco del Bicentenario՝՝ ժամանելուն Սրբազան Հայրը կը դիմաւորէ Կուանախուաթոյի Նահանգի Կառավարիչը Տիար Խուան Մանուէլ Օլիվա Րամիրէզ։ Սրբազան Հայրը ապայ քահանայապետական յատուկ ինքնաշարժով կը շրջի Զբօսայգիի տարածքի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն միջեւ։

Բացօթեայ մատուցած Սրբազան Քահանայապետի սուրբ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 250 հոգեւորականներ կազմուած Կարտինալներէ, Մէքսիքոյի Եպիսկկոպոսներէ եւ Լատին Ամերիկայի եւ Գարայիպի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի 22 նախագահներէ ու շուրջ 3 հազար Քահանաներէ, ներկայութեամբ երկրին 92 թեմերէն հոն ժամանած հազարաւոր հաւատացեալներուն։
Պատարագի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք կ՛ուղղէ Լէոնի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Խօսէ Մարթին Ռապակոն որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը քարոզը կ՛արտասանէ։ Պատարադի աւարտին Մէքսիքողի ժամով 12ին (իտալիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 8ին) Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն կ՛արտասանէ հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքը։

Երեկոյեան Ժամասացուկեան Արարողութիւնը
Կիրակի 25 մաարտի յետմիջօրէին ժամը 18ին (Իտալիոյ Ժամով 26 մարտի առաւօտեան ժամը 2ին̓) Սրբազան Հայրը Լէոնի քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն ընթացքին պատգամ մը կ՛ ուղղէ Մեքսիքայի ու Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն։Ժամասացութեան արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ելեկտրոնային գործիքով Քրիոտո ՐԷյ սրաբավայրի նոր Լուսաւորութեան համակարգի լուսաւորումը կը կատարէ. հուսկ եկեղեցւոյ մէջ կ՛ընդունի Լատին Ամերիկայի եւ Գարայիպի եպիսկոպոսներու անհատական ողջոյնը։
Նշենք որ արարողութեան աւարտին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն Աթոռանիւտ եկեղեցւոյ սրահներէն մէկուն մէջ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն հետ միասին կը մասնակցի եղբայրական ակափի մը։
Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Միրաֆլորէսի Վարժարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.