2012-03-24 13:00:26

Ըստ Ուսումնասիրութեան Մը 2010-Ին Աշխարհի Վրայ Ներգաղթեալներուն Կէսը Քրիստոնեաներ Էին:


Ամերիկեան «Փիու» հաստատութեան պատրաստած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ «2010-ին աշխարհի վրայ արձանագրուած 214 միլիոն ներգաղթեալներուն կէսը քրիստոնեաներ էին, իսկ անոնց աւելի քան քառորդը` իսլամներ»: Ուսումնասիրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ բոլոր կրօններէն իւրաքանչիւր 5 ներգաղթեալներէն մէկը հիւրընկալած է:
«Հաւատքի շարժումը» խորագիրով ուսումնասիրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ աշխարհի վրայ ներգաղթեալներէն «106 միլիոն անձեր (49 առ հարիւր) քրիստոնեաներ էին եւ գաղթած են մասնաւորաբար Մեքսիքայէն, Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն», «շուրջ 60 միլիոնը (27 առ հարիւր) իսլամներ են եւ եկած էին նախ եւ առաջ Պաղեստինէն, Փաքիստանէն, Պանկլատեշէն եւ Հնդկաստանէն, 11 միլիոնը հինտու են (5 առ հարիւր), 7 միլիոնը պուտտայական են (3 առ հարիւր) եւ 3.6 միլիոնը հրեաներ են (նուազ քան 2 առ հարիւր):
Ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, որ ներգաղթեալներուն պատկերը արտացոլումն է աշխարհի բնակչութեան, որուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, իսկ երկրորդ դիրքի վրայ են իսլամները: Սակայն եթէ բնակչութեան մէկ երրորդը քրիստոնեաներ են, ապա անոնց համեմատութիւնը կը կազմէ ներգաղթեալներուն կէսը: Իսլամներուն պարագային եւս անոնց ներգաղթեալներուն թիւի համեմատութիւնը աւելի մեծ է, քան իրենց թիւին համեմատութիւնը:
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ներգաղթեալներուն մէկ երրորդը Ասիա-Խաղաղական Ովկիանոս շրջանէն են, իսկ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Եւրոպան, ուր եւրոպական երկիրներուն միջեւ ներգաղթներ տեղի կ՛ունենան: Իսկ հիւրընկալ երկիրներուն թիւը սահմանափակ է: Անոնց գլխաւորներն են Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան, Եւրոպական երկիրներ, Աւստրալիա եւ Արաբական ծոցի երկիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.