2012-03-23 13:15:44

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 16 Մարտի առաւօտեան ժամը 9ին Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ տեղի ունեցաւ քառասնորդաց շրջանի աւանդական ՜՜Պահոց քարոզներու՝՝ նիստը, զոր կատարեց Քահանայապետական տան քարոզիչը՝ հայր Րանիէրօ Քանդալամէսսան։
Ի պատրաստութիւն Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հաստատուած հաւատոյ տարուան (12 հոկտ 2012 - 24 նոյ. 2013). Այս տարուայ խորհրդածութիւնները ներշնչուած են Արեւելքի Եկեղեցւոյ Հայրապետներու վարդապետութենէն եւ ունին որպէս բնանիւթ <<Յիշեցէք ձեր առաջնորդները ու անոնց հաւատքը ընդօրինակեցէք - Եկեղեցւոյ Հայրապետները Հաւատքի Վարդապետներ>>։Նշենք որ խորհրդածութիւններու վերջին նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 30 մարտին։

Ուրբաթ 23 մարտի յետ միջօրէին, Հռոմի Տոմինիքեան հայրերու միաբանութեան Անճելիքում համալսարանի մէջ, համալսարանի Mater Ecclesiae կրօնագիտութեան մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ՝ տեղի կ՛ունենայ ընտանիքի մասին նախատեսուած երրորդ հանդիպումը << փոփոխութիւն եւ անհամաձայնութիւն։ ընտանիքը մարդկութեան Ժառանգութիւն. -Իրական երկիր, պետականութիւն, հասարակաց բարիք եւ կրօնական փորձառութիւնը>> վերտառութեամբ։
Այսօրուայ հանդիպման ընթացքին շօշափուած նիւթն է << Ընտանիք կամ ընտանիքներ ինքնութիւն եւ անհատական կազմաւորում>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.