2012-03-23 13:13:19

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Յղած Հեռագիրները Հռոմէն Դէպի Մէքսիքօ Ճամբորդութեան Ընթացքին։


Ամէն անգամ որ Սրբազան Քահանայապետը միջազգային ճամբորդութիւնը մը կը կատարէ պաշտօնական հեռագիրներ կ՛ուղղէ այն երկիրներու նախագահներուն որոնց օդային տարածքի վրայ կը սաւառնի։ Մէքսիքօ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սբութիւնը հեռագիրներ ուղղեց Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նափոլէթանոյի` ֆրանսայի նախագահ Նիգոլա Սարգոզիի, Մեծն Պրիտանիոյ Թագուհի Էլիզապէթ Բ, Իրլանտայի նախագահ Միքայէլ Հիկկինսի, Տանիմարքի Թագուհի Մարկարէթ Բ, Օդդաուայի ընդհանուր կառավարիչ Տավիտ Ճոնսոնի եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի։ Նորին Սրբութիւնը իր գիրին մէջ բոլոր նախագահներուն բարի մաղթանքներ յայտնեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.