2012-03-23 23:50:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Մէքսիքօյի մէջ
Բարի Գալուստի Արարողութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Սաւառնակը Մէքսիքոյի Կուանայուաթոյի օդակայան ժամանեց տեղական ժամով 16.30 (իտալիոյ ժամով 11.30 անց)։ Սրբազան Հայրը դիմաւորեցին Մէքսիքոյի Հանրապետութեան նախագահ ֆէլիբ Գալտէրոն` անոր կողակիցը, Մէքսիքոյի Պապական Նուիրակ գերապայծառ Քրիստոֆ Բիէր եւ այլ քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններ։
Մէքսիքոյի Սիալօ շրջանի Կուանայուաթոյի օդակայանի մէջ տեղի ունեցած Բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին իր արտասանած Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ գոհունակութիւն յայտնեց բարձրեալին որ իրեն առիթը տուաւ այցելելու Մէքսիքօն հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մէքսիքոյի Նախագահին ու Մէքսիքոյի Առաքելական նուիրակին ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան ու ապա մատնանշեց Յիսուս Թագաւոր հսկայական արձանին որ կը խորհրդանշէ Մէքսիքացիներու արմատանալը կաթողիկէ հաւատքին մէջ։
Արբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ Լատին Ամերիկեան երկիրներու անկախացման 200րդ Յոբելեանին ու այս ուղղութեամբ 2011-ին դեկտեմբերին Կուատալուբի Տիրամօր Տօնին առթիւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կատարուած Սուրբ արարողութեան։

Մէքսիքօ եկայ որպէս հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ուխտաւոր ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու աւելցուց - կը ցանկանամ Քրիստոսի հաւատացեալները հաստատել իրենց հաւատքին մէջ` ամրապնդելով ու քաջալերելով զանոնք վերակենդանացնելու զայն Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեամբ, խորհուրդներու մատակարարումով եւ բարի կենցաղով։ Այնպէս որ կարենան օժանդակել հասարակաց կեանքի խաղաղ ու յարգալիր կենակցութեան հիմնուած Աստուծմէ ստեղծուած ամէն անհատի արժանապատուութեան յարգանքի վրայ։Այս արժանապատութիւնը կը դրսեւորուի կրօնի ազատութեան հիմնական իրաւունքի վրայ հիմնուելով։

Որպէս յոյսի ուխտաւոր - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Սուրբ Պօղոսի հետ միասին ձեզի կ՛ըսեմ <<Մի տրտմիք ինչպէս ուրիշներ որոնք յոյս չունին>> ։ Մէքսիքօն եւ Լատին Ամերիկան կանչուած են Աստուծոյ մէջ ապրելու յոյսը սրտի խոր համոզումով յանձանռումով աշխատելու աւելի լաւ աշխարհի մը համար։ Որպէս Հաւատքի ուխտաւոր Քրիստսի հաւատացողը եւ Եկեղեցին իր ամբողջութեամբ կ՛ապրին եւ կը գործեն ողորմութիւն գործելով որպէս առաքելութեան էական տարր հաստատեց Պենետիկտոս Ժզ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակելով յատուկ աղօթք մը նուիրեց համայն տարապեալներուն զանազան պատճառներու բերումով ու յատուկէն կը յիշեց Մէքսիքացի Գաղթականները որոնք իրենց երկրէն դուրս կ՛ապրին։Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելով Մէքսիքօյի ժողովուրդին հիւրնկալութեան։

Բարի Գալուստի արարողութենէ ետք Սրբազան Հայրը <<քահանայապետական յատուկ կառքով>> փոխադրուեցաւ Միրաֆլորէս կուսանաց վարժարանը ուր գիշերեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.