2012-03-23 13:16:03

Պենետիկտոս ԺԶ .Սրբազան Քահանայապետը Մեսսիքոյի Մէջ։ Հակիրճ Տողերով Ճանչնանք Մեսսիքոն։


Պենետիկտոս ԺԶ .Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի երկրորդ Յաջորդն է որ այցելութիւն կուտայ Մեսսիքոյի Եկեղեցիին ու ժողովուրդին ,միաժամանակ Նորին Սրբութեան այս ուխտագացութիւնը Քահանայապետի մը կատարած վեցերորորդ այցելութիւնն է Մեսսիքոյին։
Պաշտօնական անունով ՝՝Էստատօս Ունիտօս Մեսսիքանօս՝՝ իր անկախութիւնը պաշտօնապէս ձեռք կը ձգէ Սպանիայէն 27 Սեպտեմբեր 1821ին, կազմուած է 31 Դաշնակցային Պետութիւններէ, առաւել մայրաքաղաքը Չիթթա Տէլ Մէսսիքօ-ն։ Երկիրրը նախագահական Հանրապետութիւն մըն է,Հանրապետութեան նախահագն է ֆելիփէ Գալտէրօն։ Մէսսիքօն ունի 1.958.201 քիլոմեթր տարածութիւն եւ 108 .426 հազար բնակիչներ,հանդիսանալով այսպէս սպանախօս առաւել մարդաշատ Երկիրը,ուր սակայն կը խօսուին նաեւ տեղական բազմաթիւ բարբառներ։
Մեսսիքոյի Հանարապետութիւնը կը ծնի 4 Հոկտեմբեր 1824ին,բայց Թէքսասի կցումովը Ամերիկային սկիզբ կ՝առնէ պատերազմը Մեսսիքոյի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ 1846-1848։ Պատերազմը վերջ կը գտնէ ՝՝Կուատալուփէ Հիտալկօ՝՝ կոչուած Դաշնագրութեամբ որով Մեսսիքոն ստիպուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կը զիջի այդ հողամասի աւելի քան հարիւրէն 40-ը (Քալիֆորնիա,Նոր Մեսսիքօ,Արիզօնա,Նէվատա,Ութահ ու նաեւ Գոլորատոյի եւ Վիոմինկ-ի մեծ մասը։ Մեսսիքոյի կարեւոր քաղաքներէն են (Մայրաքաղաքէն զատ) Կուատալախարա,Վերաքրուզ եւ Աքափուլքօ զբօսաշրջային ծանօթ քաղաքը ։
Մեսսիքացիներու հարիւրէն 91 տոկոսը կաթողիկէներէ բաղկացած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.