2012-03-23 13:31:02

Իտալիոյ Ռիէթի Քաղաքը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմէն ոչ շատ հեռու Լացիօ Նահանգի Ռիէթի քաղաքը Մարտ 20ին (2012) կատարած իր լիագումար նիստին Քաղաքապետարանի Գործադիր Խորհուրդի ներկայութեամբը եւ սոյն Խորհուրդի վաւերացումովը ընդունած է Հայ Ժողովուրդի ենթարկուած Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը նկատի ունենալով նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային Իրաւունքներու Ենթայանձախումբի 1985ի Հայ Ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ճանչաման որոշումը։

Ռիէթի Քաղաքի Քաղաքապետը ու Գործադիր Խորհուրդը Յանձնառու կ՝ըլլան այլ յանձնառումներու շարքին ......
- Հրաւիրել Եւրոմիութեան Խորհրդարանը գործնական քայլեր առնելու որպէսզի Թուրքիան, թեկնածու երկիր մաս կազմելու Եւրոմիութեան պաշտօնապէս ճանչնայ ու դատապարտէ Հայ Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը.,

- Նեցուկ կանգնիլ բոլոր նախաձերնութիւններուն որոնք կրնան օգնել հաշտութեան ընդ մէջ Թուրքիոյ ու Հայաստանին՝ յաղթահարելով պատմութեան վէրքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.