2012-03-23 13:39:29

Եւ Լէոն Տէ Լոս Ալտամա Քաղաքները։


Հակիրճ Տեղեկութիւններ Այս Քաղաքներու Մասին.
Կուանախուաթօ՝ պետութիւնը հիմնուած է 1823-ին, եւ կը գտնուի երկրին սիրտը, բնակչութիւնը հինգ միլիոն է 30 քլմ. տարածութեան վրայ, մայրաքաղաքը Կուանախուաթօ, յատկանշուած լեռնաշղթաներով։ Կուանախուաթոն հարուստ է հանքերով՝ ոսկի, կապար, սնդիկ , պղինձ, արեւակ եւ արծաթով որ մինչեւ հիմա մեծ քանակութեամբ կ՝արտադրուի։ 1520-էն ի վեր Սպանիոյ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դառնալով եւ գրաւուած՝ անոր կողմէ։ Ունի 46 քաղաքապետական մարզեր որոնց 9-ը՝ կը պատկանի Լէոնի արքեպիսկոպոսական թեմին։
Կառավարիչն է՝ 2006 էն ի վեր, 52-ամեայ Խուան Մանուէլ Օլիվա Ռամիրէզ, անդամ Ազգային շարժում կուսակցութեան։ 2010-ի տուեալներուն համաձայն՝ բնակչութեան 94 տոկոսը կաթողիկէ են։ Մայրաքաղաք՝ Կուանախուաթօ-ն ունի 153.364 բնակիչ։ Տեղւոյն բնիկները անոր տուած էին բազմաթիւ անուններ ինչպէս Մօ-օթի , Բաքսթիթլան, Գուանասի կամ Ուաթա սակայն ֆէլիփէ Ե. թագաւորը արքայական կոնդակով մը զայն պաշտօնապէս անուանած է ՜՜Չուտատ տէ Սանթա ֆէ ի Ռէալ տէ Մինաս տէ Կուանախուաթօ։
Քաղաքը իր բազմաթիւ հանքերով 1988-ին՝ ներառուեցաւ Ունեսքոյի մարդկային համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Մեքսիքացիներուն համար Կուանախուաթօ-ն հարստութեան ու բարգաւաճման խորհրդանիշ է։ 19-րդ դարուն հակագաղթօճախայիններու կողմէ արիւնալի բախումներու բեմ դարձաւ։
Այսօր քաղաքը կարեւոր համալսարանի բեւեռ մըն է եւ աթոռը՝ միջազգային Սէրվանթինօ փառատօնին, ուր կը խմբուին Լատինամերիկայի հռչակաւոր արուեստագէտները։
Սիլաու տէ լա Վիքթորիա քաղաքը՝ (1833-էն ի վեր) կը գտնուի 1.780 մեթր բարձրութեան վրայ, բնակչութեան թիւը՝ 148.000 է. տարածութիւնը՝ 531 քլմ քառ.։ Այնտեղ կը գտնուի Կուանախաթոյի միջազգային օդակայանը։
Հարուստ է երկրագործութեամբ եւ գործարաններով։ Ծանօթ է՝ այնտեղ, ՜՜Քրիստոս Փրկիչ՝՝ սրբավայրը՝ ուր կը կանգնի ՜՜ Տիեզերքի Թագաւորը Բազուկները Բացած՝՝ 20 մեթր բարձրութեամբ՝ պրոնզէ արձանը։
Իսկ Լէոն Տէ Լոս Ալտամա արքեպիսկոպոսական քաղաքը հիմնուած է՝ 1576-ին։ Յիսուսեանները այնտեղ կը հասնին 1731-ին, բնակչութիւնը ունի յատուկ մեծարանք մը Տիրամօր՝ Վիրճէն Տէ Լա Լուց սրբանկարին հանդէպ, որը դարձած է քաղաքին պաշտպան սրբուհին։
Քաղաքը եղած է անկախապաշտներու եւ արքայական ընտնիքի հաւատարիմներու միջեւ ընդհարումի բեմ։ Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր քաղաքի Զինանշանին վրայ կը կարդանք լատիներէնով հետեւեալ գրութիւնը ՜՜Labor Omnia Vincit՝՝ այսինքն աշխատանքը կը յաղթանակէ... ։








All the contents on this site are copyrighted ©.