2012-03-22 12:25:28

Սրբազան Քահանայապետի Ճամբորդութիւնը Մէքսիքօ Եւ Գուպա Թիւերով


Ըստ 31 դեկտեմբեր 2010ի տուեալներուն, Մէքսիքոյի բնակչութեան թիւը 108.426 հազարի կը հասնի 1.958.201 քմ քառակուսի տարածքի վրայ։ Երկրին բնակչութեան 90 տոկոսը կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամ են։ Արդարեւ Կաթողիկէներու թիւը` միշտ 2010-ի տուեալներու համաձայն 99.635 կը հասնի։ Մէքսիքոյի մէջ կը գործեն 6.744 ժողովրդապետութիւններ ու 7169 այլ հովուական կեդրոններ։ Մէքսիքոյի Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 163 եպիսկոպոս, 12.328 թեմական կուսակրօն քահանաներ, 3.906 կրօնաւոներ, 827 մնայուն սարկաւագներ, 25.846 աշխարհական միսիոնարներ, 4.524 փոքր նորընծաներ, 6.495 աւագ նորընծաներ եւ 295.462 քրիստոնէականի դասատուներ։ Մէքսիքոյի մէջ կը գործեն 8.374 կաթողիկէ դպրոցական հաստատութիւններ եւ 617 համալսարաններ։ 257 հիւանդանոցներ 1.602 բժշկական կեդրոններ, 8 թոքախտանոցներ, 372 ծերանոցներ, 329 որբանոցներ։

Գալով Գուպայի կղզիին, անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ 11.242 հազար, 110.861 քմ քառակուսի տարածքի վրայ։ Կաթողիկէներուն թիւը 6.766 հազար է բնակչութեան 60 տոկոսը։ Գուպայի մէջ կը գործեն 304 ժողովրդապետութիւններ, եւ 2.210 այլ հովուական կեդրոններ։ Գուպայի կաթողիկէ եկեղեցին ունի 17 եպիսկոպոս եւ 361 կուսակրօն քահանայ։ 71 մնայուն սարկաւագ, 2.122 աշխարհական միսիոնարներ, 4.133 քրիստոնէականի դասատուներ։ Նորընծաներու ընդհանուր թիւը 91-ի կը հասնի մինչ կաթողիկէ եկեղեցին կը կառավարէ 12 դպրոցական կառոյցներ, 2 բժշկական կեդրոններ, մէկ թոքախտանոց, 8 ծերանոցներ եւ 3 որբանոցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.