2012-03-22 12:28:21

Հրանդ Նազարեանցի Մասին Նոր Հատոր Մը Իտալերէնով


Լոյս տեսաւ վերջերս ՜՜F.A.L. Vision՝՝ հրատարակչատունէն, ՜՜Հրանդ Նազարեանց, Հաւատարիմ Սիրոյ ՝՝ վերտառութեամբ հայ բանաստեղծ ու գրող Հրանդ Նազարեանցի մասին հատոր մը, գործը՝ իտալացի գրող Փաուլօ Լօփանէի։ Գիրքը լոյս տեսաւ հայ-իտալացի մտաւորականին մահուան 50-րդ տարելիցին առթիւ։ Հայազգի մեծ բանաստեղծ՝ Հրանդ Նազարեանց, ծնած է 1886-ին՝ Սկիւտարի մէջ . իր ուսումը ստացած է Ռեթէոս Պերպերեանի վարժարանը։ 1900-ին ան կը մեկնի Փարիզ եւ ապա՝ Լոնտոն, իր կրթութիւնը շարունակելու նպատակով: Կրնանք ըսել որ ան լիովին կը տիրապետէր ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Նազարեանց Պոլսահայ նոր սերունդի գրականութեան առաջին դէմքն է, որ կը մեկնի Եւրոպա՝ հայրենիք վերադառնալու համար: Պոլիս վերադառնալով՝ Հրանդ կը նուիրուի գրական տենդագին աշխատանքի: Փարիզի եւ Լոնտոնի իր կեանքի տարիները մեծապէս սատարած են իր գրական գործերուն ան ունէր անառարկելի ձիրք, բարձր ճաշակ եւ գրական նախաձեռնութիւն։ Հատորին հեղինակը համալսարանի դասախօս է ու պատմագէտ եւ անդամ Պարիի Հրանդ Նազարեանցի անուան ուսումնասիրական կեդրոնին։ Տարիներէ ի վեր կը զբաղի ու կ՝ուսումնասիրէ կրօնական վարդապետութեան եւ հաւատաքննութեան պատմութիւնը։ Հատորին ներածականը գրած է Փրօֆ Հ. Լեւոն Պօղոս Զէքիան։








All the contents on this site are copyrighted ©.