2012-03-22 12:27:48

Լիբանանի Նախագահ Միշել Սլէյման Ընդունեց, Սպանիոյ Դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ Եւ Իրեն Ընկերացող Պատուիրակութիւնը։


Երեքշաբթի, 20 Մարտին Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանը Խուան Քարլոս Կաֆօ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ՝ այցելեց Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանին։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին, հին ձեռագիրներու եւ գիրքերու պահպանումի ծիրին մէջ գործող մասնագէտներ, որոնք կը գործակցին այդ առումով մասնագիտացած սպանական ՜՜Այտա՝՝ ընկերութեան հետ:
Այս առթիւ Սպանիոյ դեսպանը նախագահ Սլէյմանին նուիրեց , Լիբանանի վանքերու եւ մատենադարաններու մէջ գտնուող՝ հին ձեռագիրներու եւ գիրքերու պահպանումի մասին հրատարակուած նոր խտասալիկ եւ ալպոմ մը: Նախագահ Սլէյման դրուատեց այդ աշխատանքը, որ կը նպաստէ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.