2012-03-22 12:24:34

՜՜Սրբազան Հայր Ձեզ գրկաբաց կ՛ընդունինք՝՝
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Մէքսիքօ։


՜՜Սրբազան Հայր Ձեզ գրկաբաց կ՛ընդունինք՝՝ ասիկա Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան առիթով, Լէոն Սիլաօ եւ Կուանայուաթոյի ճամբաներուն պաստարներուն վրայ զետեղուած գրութիւններէն մին է։ Ամբողջ շրջանը անհամբեր կը սպասէ Սրբազան Քահանայապետի ժամանումին։
Ուրբաթ 23 մարտի առաւօտեան՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Իտալական Ալիթալիա օդանաւային ընկերութեան թռիչքով <<Յիսուսի աշակերտներ միասնաբար յոյսով >> նշանաբանով կը մեկնի Մէքսիքօ ուր պիտի մնայ մինչեւ 26 մարտ եւ ապա պիտի այցելէ Գուպան։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 23րդ Առաքելական Ճմաբորդութիւնն է Մէքսիքօ Եւ Գուպա կատարած այս այցելութիւնը։
Պենետիկտոս ԺԶ երկրորդ քահանայապետն է որ Մէքսիքոն կ՛այցելէ։
ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը Մէքսիքոն այցելած էր 5 անգամ 1979, 1990, 1993, 1999 եւ 2002ին։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամուայ համար կ՛այցելէ Լատին Ամերիկեան այս երկիրը Մէքսիքոյի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20րդ տարեդարձին եւ Լատինա Ամերիկեան երկիրներու անկախացման 200 ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Սրբազան Քահանայապետը Մէքսիքօ իր կեցութեան ընթացքին, հանգրուան պիտի կատարէ Կունայուաթօ Սիլաօ Եւ Լէոն քաղաքները։
Երկուշաբթի 26 Մարտին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով մէքսիքոյէն պիտի ուղղուի Գուպա ՜՜Ողորմութեան եւ սիրոյ ուխտագնացութիւն՝՝ կատարելու, այնտեղ 14 տարիներ առաջ 1998-ին՝ երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը պատմական հնգօրեայ այցելութիւն մը կատարած էր երկրին։
Պենետիկտոս ԺԶ հանգրուան կը կատարէ Սանդիակօ Տէ Գուպա, Էլ Գոպրէ եւ Հապանա։ Էլ Գոպրէի հանգրուանը կարեւոր իմաստ կը ստանայ, քանի որ հոն պահուած է Virgen de la Caridad del Cobre ի արձանիկը (60 սմ) որուն գիւտի 400րդ տարեդարձը կը տօնուի այս տարի։ Արձանիկը գտնուած է ձկնորսներու կողմէ գարայիպեան ջուրերու մէջ եւ անոր մօտ զետեղուած էր <<ես ողորմութեան տիրամայրն եմ>> արձանագրուած գրութիւն մը։ Սրբազան Քահանայապետը Գուպայէն կը մեկնի 29 Մարտի առաւօտեան ժամը 10.15 անց (տեղական ժամով) ու վերադարձ կը կատարէ Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.