20 Մարտին Պերլինի մէջ բացուած է Եւրոպայի շուրջ 30 աքսորեալ ժողուրդներու ճակատագիրին
մասին պատմող "Հայրենիքի Կարօտ" Ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած է Հայերու Ցեղասպանութեան
եւ Աքսորի պատմութիւնը: Ցուցահանդէսը իր ներկայութեամբ պատուած եւ բացման խօսք արտասանած
Գերմանիոյ Վարչապետը Տիկին Անկելա Մերքել: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած է Գերմանիոյ մէջ
Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան: Ցուցահանդէս այցելելու հրաւէր ստացած էր նաեւ
Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյին Ավնի Քարսլըօղլուն, որ տեղեկանալով թէ այնտեղ
հայերու պատմութեան վերաբերեալ կը նշուին "աքսոր" եւ "ցեղասպանութիւն" բառեզրերը, հրաժարած
է ներկայ գտնուելէն: Ցուցահանդէսը կը տեւէ երեք ամիս, որմէ ետք հաւանական է որ ցուցադրութիւններ
տեղի ունենան այլ երկիրներու մէջ։