2012-03-22 12:26:16

2012 Ջուրի Համաշխարհային Օր։
Աշխարհի մէջ 900 Միլիոն ժողովուրդ ըմպելի ջուրի կարօտը ունին։


1993-էն ի վեր 22 մարտը դարձած է Ջուրի Համաշխարհային Օր։ 2012 Ջուրի Համաշխարհային օրուայ առթիւ Զուիցերիոյ Գարիթասը նշմարել կու տայ թէ ՄԱԿի գնահատումով՝ աշխարհի մէջ 900 միլիոն ժողովուրդ ըմպելի ջուրի կարօտը ունին եւ թէ հետզհետէ այս պահանջը յաւելում կ՛արձանագրէ ջուրի առատութեամբ եւ անպատասխանատու օգտագործման եւ կամ գէշ գործածութեան պատճառաւ։ Զուիցերիոյ Գարիթասը այս ուղղութեամբ 2011 տարուայ ընթացքին 3 միլիոն ֆրանք տրամադրած էր , աւելի քան 725.000 անձերու <<ըմպելի ջուր>> ապահովելու ծրագիրներ մշակելով։ 2012ի՝ Ջուրի Համաշխարհային Օրուան նիւթն է <<ջուրը եւ սննդական անվտանգութիւնը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.