2012-03-21 11:52:26

Սրբազան Քահանայապետը Մէքսիքօ Կը Տանի Սիրոյ եւ Լաւատեսութեան Պատգամ մը Կ՛ըսէ Կարտինալ Պերթոնէն։


Առօրեայ խորհրդածութիւն, աղօթք, ճառերու վերաքաղ եւ անհուն ջերմեռանդութիւն Կուատալուբի Տիրամօր հանդէպ, ահա այսպէս է որ Սրբազան Քահանայապետը կը պատրաստուի իր առաքելական 23րդ ճամբորդութեան որ ուրբաթ 23 մարտէն սկսեալ զինք պիտի ուղղէ դէպի Մէքսիքօ ու ապա Գուպա։ Այս պատճառաւ է նաեւ որ Սրբազան Հօր շաբաթական գործունէութիւնները` նեռարեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը դադրած նկատուած են։Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակի տուեալներու մասին խօսած է Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, Մէքսիքոյի Թելէվիզա հեռուստակայանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին։

Անդրադառնալով Մէքսիքոյի ներկայ իրավիճակի մասին ` ու մանաւանդ թմրեցուցիչի վաճառականութեան` դրամակաշարութեան եւ մէքսիքոյի մէջ բանեցուած ուժգնութիւններու մասին, Կարտինալ Պերթոնէն յայտնած է որ բոլորն ալ անխտիր պարտականութիւնը ունին յանձնառումով աշխատելու` ըլլայ եկեղեցական եւ կրօնական հաստատութիւնները` ըլլայ քաղաքացիական իշխանութիւնները եւ ըլլայ ընկերային կազմակերպութիւնները, յաղթահարելու համար այս մարտահրաւէրները եւ վերահաստատելու քրիստոնէական արժէքներու վրայ հիմնուած Մէքսիքօ մը այն է խաղաղ գոյակցութիւն` եղբայրութիւն` համերաշխութիւն եւ արդարութիւն։
Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը քաջալերանքի պատգամ մը կը տանի Մէքսիքօ` ուղղուած նա մանաւանդ նոր սերունդին եւ երիտասարդներուն որպէսզի յուսալքումի չի մատնուին եւ դիւրաշահ հասոյթներով չի հրապուրուին այլ յանձնառումով աշխատին կերտելու համար աւելի զօրվիք եւ աւելի արդար ընկերութիւն մը ուր ամէն անհատ ունենայ իր արժանաւորութիւնը -ըսած է Կարտինալ Պերթոնէն ու աւելցուցած - Սիրոյ` քաջալերանքի եւ Լաւատեսութեան պատգամ մըն է Սրբազան Քահանայապետի Մէքսիքօյի բնակզութեան տարած պատգամը։
Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ապա անդրադարձաւ Ընտանիքի համաշխարհային օրուայ առթիւ Մէքսիքօ կատարած իր ճամբորդութեան մասին հաստատելով որ Մէքսիքոյի մէջ, հակառակ ամէն դժուարութիւններուն, հաւատացեալները տակաւին կառչած են իրենց հաւատքին թէեւ կարիքը կայ աւելիով ամրապնդուելու հաւատքին մէջ` աւելիով աղօթելու Բարձրեալին յայցելով Անոր օգնութիւնը։ Այս ուղղութեամբ է նաեւ - ըսաւ Կարտինալը - որ եկեղեցին որպէս կարոյց իր հովիւներով` իր ընկերային եւ հասարակական կազմակերպութիւններով կը գործէ։
Անդրադառնալով հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կուանայուաթոյի Սրբավայրը կատարելիք այցելութեան Կարտինալ Պերթոնէն նշեց թէ երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի բաղձանքն էր այցելել վերոյիշեալ սրբավայրը եւ Պենետիկտոս ԺԶ ուզեց պարզապէս իր նախորդին իղձը իրագործել այցելելով ու աղօթելով սոյն սրբավայրին մէջ որ Մէքսիքացի ժողովուրդին հեռոսական հաւատքի սիրտը կը ներկայացնէ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.