2012-03-21 13:14:59

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Էրզուրումի «Սանասարեան»Վարժարանին Վերատիրանալու Դատ Կը Բանայ ։


Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Թուրքիոյ հիմնարկներու ընդհանուր տնօրէնութեան դիմելով դատ բացած է, որպէսզի հայ համայնքը վերատիրանայ «Սանասարեան» հիմնարկին կողմէ պատրիարքարանին յանձնուած եւ ապա Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ գրաւուած շարք մը կալուածներ, որոնցմէ մէկն է Էրզրումի Սանասարեան վարժարանի շէնքը, որ 1919ին գործածուած էր Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթիւրքի կողմէ հրաւիրուած համաժողովին համար: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հիւրրիյէթ»ը։
Դատին մէջ կը պահանջուի նաեւ վերադարձնել Սվազի մէջ գտնուող կալուած մը. Պատրիարքարանը ներկայացնող փաստաբանը յայտնած է, թէ աշխատանք կը տարուի 1936ին գրաւուած կալուածներու գործածութեան իրաւունքի կորուստին փոխարէն՝ վնասուց հատուցման դիմումներ կատարելու համար:
Նախապէս, պատրիարքարանին անունով դատ բացուած էր Պոլսոյ մէջ գտնուող «Սանասարեան խան»ին վերադարձը ապահովելու համար, որմէ ետք հաղորդուած էր, թէ հիմնարկներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրտեմ յայտնած էր, թէ «Սանասարեան խան»ին պարագային՝ համայնքային կալուածներու մասին որդեգրուած նոր կանոնները ի զօրու չեն, որովհետեւ այն հիմնարկը, որուն կը պատկանէր նշեալ շուկան, Օսմանահպատակ հայու մը՝ Մկրտիչ Աղա Սանասարեանի կողմէ հիմնուած է:
1936ին գրաւուած կալուածներուն վերադարձի օրէնքը վաւերացուած էր անցեալ տարուան Օգոստոսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.