2012-03-21 13:13:52

Շնոտա Գ. Պապին Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ


Երէկ՝ երեքշաբթի 20 Մարտին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ ղպտի եկեղեցւոյ գերագոյն հոգեւոր պետ Շնոտա Գ. պապի յուղարկաւորութիւնը: Բազմահազար սգաւորներ մասնակցեցան 88-ամեայ պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան որ տեղի ունեցաւ Ս. Մարկոս Մայր տաճարին մէջ։
Եգիպտոսի մէջ յուղարկաւորութեան մասնակցող ղպտիներուն արտօնութիւն տրուած էր իրենց աշխատատեղիներէն բացակայելու եւ երկրին մէջ ազգային սուգ հռչակուած էր:
3 օգոստոս 1923-ի ծնունդ Շնոտա Գ. պապը կը նկատուէր ղեկավար մը, որ իր կարելին ըրաւ պաշտպանելու ղպտիները այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ իսլամականութիւնը վերելքի մէջ էր: Ան Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի հետ վէճէ մը ետք անապատին մէջ վանք մը աքսորուած էր: Սակայն անոր բուռն պահպանողականութիւնը, ներառեալ` ապահարզանի գծով անոր ընդդիմութիւնը երիտասարդ քրիստոնեաներուն մօտ ժողովրդականութիւն չէր վայելեր:
Անոր յաջորդը ընտրելու ժամանակացոյց մը գոյութիւն չունի: Յաջորդ պապը պիտի ընտրուի աւագ կրօնաւորներու ժողովին կողմէ: Նոր պապին առաջին մարտահրաւէրը երկրին մէջ իրենց դերակատարութեան եւ տեղին նկատմամբ ղպտիներու մտավախութիւնները փարատելը պիտի ըլլայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Իսլամ եղբայրներն ու սալաֆականները երկրին մեծագոյն կուսակցութիւններն են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Շնոտա Գ. պապը «հանդուրժողականութեան եւ կրօնական երկխօսութեան ջատագով մը» կոչեց: Պենետիկտոս ԺԶ. պապը եւ Ազհարի իմամ շէյխ Ահմետ Թայեպ եւս անոր մահուան համար ցաւ յայտնեցին:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի Ղպտի եկեղեցւոյ խորհրդական Նաժիպ Ժպրայել «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մենք իսլամութիւնն ու իսլամները վարկաբեկողներուն դէմ կը կանգնինք` մենք իբրեւ ղպտի իսլամներէն առաջ, եւ կը ջանանք զանոնք դատախազութեան յանձնել եւ արագ ու արդար դատավարութեան ենթարկել: Ուստի կը պահանջենք անմիջապէս հարցաքննել այն սալաֆական քարոզիչը, որ համարձակեցաւ մահուան սրբութիւնը ոտնակոխել եւ վախճանած պապին դէմ հայհոյեց»:








All the contents on this site are copyrighted ©.