Գիշերահաւասարի կը հանդիպինք տարին երկու անգամ ` գարնան եւ աշնան. Գարնանային գիշերահաւասարի
պահուն Արեգակը երկնքի հարաւային կիսագունդէն կ'անցնի հիւսիսային կիսագունդ, այդ մէկը
աստղագիտական գարնան սկիզբն է: Այդ պահին Արեգակը կը գտնուի Երկրի հասարակածի հարթութեան
մէջ, եւ քանի որ Արեգակը կէտ չէ, այլ անոր սկաւառակը չափեր ունի, ապա անոր անցումը հասարակածով
կը տեւէ մօտ 33 ժամ: Այդ օրը կը կոչուի գարնանային գիշերահաւասարի օր, այսինքն գիշերուայ
եւ ցերեկուայ տեւողութիւնները հաւասար են եւ այս մէկը կ’աւետէ, որ այսօր Գարնան առաջին
օրն է։ Եղիշէ Չարենցի գարնան մասին բանաստեղծութիւնն է. Գիտէ՞ք, որ գարուն է արդէն, Բոլորը
թափուել են փողոց. Լսու՞մ էք անուշ մի զնգոց- Գիտէ՞ք, որ գարուն է արդէն: Դիւթում
են շրթերը վարդէ, Սրտերը կրակ են ու բոց- Գիտէ՞ք, որ գարուն է արդէն, Բոլորը
թափուել են փողոց:
Որոշ երկիրներուն մէջ (ինչպէս
Սուրիա, Լիբանան եւ Եգիպտոս) 21 Մարտին կը նշուի նաեւ Մայրերու օրը, Մեր շնորհաւորութիւնները
այդ երկրներու բոլոր մայրերուն եւ յատկապէս հայ մայրերուն տօնին առթիւ։
Հոս տեղի
է յիշել հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազին Մօր նուիրուած քերթուածը. Մօրս սրտի
հետ աշխարհն եմ չափել՝ Էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու անգին, Արեւ աչքերի լոյսն է նա
թափել՝ Լուսնեակ դառնալով՝ որդոց օրոցքին... Եւ հիմա քիչ է, թէ աչքերս տամ, Թէ
սիրտս հանեմ ու տամ մայրիկիս, Ախ, մայր երգելուց ինչպէ՞ս կշտանամ, Մայրս պատկերն
է մայր Հայրենիքիս։