2012-03-20 12:52:19

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ


ՏԻԳՐԱՆԻ ՅԱՋՈՐԴՆԵՐԸ (56-1 Ք.Ե.)
Տիգրանի մահուընէ ետք` (56 թուին Ք.Ա.), Հայաստանի արեւելքը կը տիրէին Պարթեւները, որոնք հիւսիսէն եկած ցեղախումբ մըն էին եւ տիրեցին Պարսկաստանի եւ Միջագետքի վրայ 200-էն Ք.Ա. մինչեւ 225 Ք.Ե.։ Իսկ Հռոմի մէջ, 60 թուականէն սկսեալ` հաստատուեցաւ եռապետութիւն մը, կազմուած Պոմպէոսէ, քաջ զօրավար, Կրասոսէ, մեծահարուստ դրամատէր եւ Յուլիոս Կեսարէ, դիւանագէտ եւ մեծ զօրավար։
Արտաւազդ Գ. թագաւոր Հայոց (56-34)
Մեծն Տիգրանի յաջորդեց իր Արտաւազդ որդին. Ան բարձր մակարդակի կրթութեան տէր անձ մըն էր եւ գիտակից իր պաշտօնին ու պարտականութիւններուն։ Դժբախտաբար իր թագաւորութեան շրջանին` Հռոմի եւ Պարթեւներու միջեւ պատերազմը պիտի վատթարացնէր Հայաստան կացութիւնը։ Իր թագաւորութեան առաջին տարին իսկ, Կրասոս, որուն յանձնուած էր Արեւելքը, սկսաւ արշաւել Պարթեւներու վրայ, 7 լէգէոններով (42.000 հոգի). Արտաւազդ` որպէս Հռոմի դաշնակից, տրամադրեց 6000 ձիաւորներ։ Սակայն Կրասոս մտիկ չըրաւ Հայոց թագաւորին, նախ Պարսկաստանը գրաւելու եւ ապա յարձակելու Տիզբոնի վրայ, որ Միջագետքի մէջ էր։ Տրուած ըլլալով որ Տիզբոնի մէջ կը գտնուէին արքայական գանձերը, եւ Կրասոս շատ կը սիրէր ոսկին, քալեց ուղղակի Տիզբոնի վրայ. Պարթեւները, որոնք միայն ձիաւոր բանակ ունէին, շատ դիւրութեամբ պարտութեան մատնեցին տափարակ դաշտի վրայ, հռոմէական լէգէոնները. իսկ Կրասոսը բռնելով սպաննեցին, հալած ոսկի խմցնելով։
Մարկոս Անտոնինոս Պարթեւներու դէմ (36-34)
Մարկոս Անտոնինոս անցաւ Կրասոսի տեղ. Ան թէեւ քաջ զօրավար մըն էր, սակայն ամուսնացած ըլլալով Եգիպտոսի թագուհիին` Կղէոպատրայի հետ, աւելի կարեւորութիւն կու տար անոր հաճոյքները կատարելու, քան րազմական գործերը վարելու մէջ։ Թէեւ թուով աւելի շատ (14 լէգէոն), սակայն նոյն սխալները գործեց ու չհետեւեցաւ Արտաւազդի ցուցմունքներուն։ Ուստի ստիպուեցաւ նահանջել եւ ինքզինք արդարացնելու համար, Կղէոպատրայի թելադրանքին վրայ, որպէս պատրուակ իր պարտութեան բերաւ Արտաւազդի դաւաճանութիւնը, մինչդեռ իրականութեան մէջ` Հայոց թագաւորը իրեն տուած էր 6.000 ձիաւոր եւ 10.000 հետեւակ։ Խաբէութեամբ իր քով կանչեց Արտաւազդը իր կնոջ եւ 2 փոքր զաւակներուն հետ եւ զանոնք երկաթէ վանդակի մէջ բանտարկելով` տարաւ մինչեւ Հռոմ եւ ապա Եգիպտոս։
Արտաշէս Բ. կը յաջորդէ իր հօր (34-20) Հայաստանի գահին վրայ
Արտաշէս` Արտաւազդի մեծ որդին, Հայաստան մնացած էր. Իրեն հաւատարիմ գունդերու օգնութեամբ, կրցաւ թագաւորել իր հօր տեղ։ Երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ` Կղէոպատրա իր հօր գլուխը կտրել տուած էր, անմիջապէս Հայաստանի մեջ գտնուող բոլոր Հռովմայեցիները բռնեց եւ գլխատեց։ Այս առթիւ Հայերը սկսան թշնամանալ Հռովմայեցիներուն, թէեւ Օգոստոս, որ եկած էր Յուլիոս Կեսարի տեղ անոր սպանութենէն ետք, պարտութեան մատնեց Մարկոս Անտոնիոսը եւ Կղէոպատրան, որոնք անձնասպան եղան։ 27-ին Ք.Ա., Օգոստոս ինքզինք կայսր հռչակեց Հռոմի։
Տիգրան Գ. Եւ Տիգրան Դ. Վերջին արտաշէսեան թագաւորները (20-1 Ք.Ե.)
20 թուին` Արտաշէս Բ. սպաննուեցաւ հայ հռոմէասէր կուսակցութեան կողմէ. Օգոստոս` Արտաշէսի տեղ դրաւ անոր եղբայրը` Տիգրան Գ. զոր Հռոմ տարած էր որպէս պատանդ։ Անոր յաջորդեց իր որդին Տիգրան Դ. Իր քրոջ Երատոյի հետ միատեղ. Սակայն Հայերը այլեւս քաղաքականապէս աւելի մօտեցած էին Պարթեւներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.