2012-03-20 13:10:50

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Կառուցման 80-Ամեակին Առիթով' Հանդիսաւոր Նշում։


Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 18 մարտին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ եկեղեցւոյ տօնը: Առաւօտեան տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի` Արաքս թաղի մուտքին, ուրկէ թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի: Տեղի ունեցաւ նաեւ ոչխարի զենում` ի պատիւ սրբազանին:
Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ մեր շարականները եկեղեցւոյ տօները նկարագրող պատմուածքներ են` աւելցնելով, որ անոնք տօնին իմաստը, կարեւորութիւնը, ոգին փոխանցող եղանակաւոր խօսքեր են: Ապա պատմական ակնարկ մը նետեց քառասուն երիտասարդներու նահատակութեան պատմութեան վրայ` բացատրելով, որ անոնց նահատակութեան վայրը Սեբաստիա քաղաքն էր. հոն 40 երիտասարդ զինուորականներ հռոմէական բանակին մէջ կը ծառայէին, եւ երբ բացայայտուեցաւ իրենց քրիստոնէական հաւատքը հեթանոսական միջավայրի մէջ, եւ հակառակ իրենց հաւատքը ուրանալու գծով ամէն պարտադրանքի եւ սպառնալիքի, անոնք իբրեւ պատիժ նահատակուեցան:
«Սուրբերու կեանքը արձանագրութեան արժանացած է իրենց նահատակութենէն ետք եւ յիշատակութեան արժանացած է յետմահու», հաստատեց սրբազանը` շեշտելով, որ մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք հաւատքին վրայ, որովհետեւ սուրբերը հաւատքի մարդիկ են, հաւատքով սուրբ դարձած են:Ան ընդգծեց, որ սուրբերուն կեանքերը կը տարբերին իրարմէ, սակայն անոնց խորքը հաւատքն է:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս ապա յայտնեց, որ եկեղեցւոյ մկրտարանի սենեակը նորոգուած է բարերարութեամբ՝ Յակոբ Լօշխաճեանի, հաստատելով որ Հայ եկեղեցւոյ հաւատքին ծննդավայրը մկրտարանն է։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:








All the contents on this site are copyrighted ©.