2012-03-20 13:10:06

Թուլուզի Հրէական Դպրոցի Առջեւ Կը պսաննուին Չորս Հոգի՝երեքը աշակերտուհիներ։ Յանցագործը Կը Մնայ Անյայտ։


Երէկ ֆրանսան ցնցուեցաւ մեծ ողբեգութեամբ մը,արդարեւ Թուլուզի հրէական դպրոցին աջեւ անծանօթի մը կողմէ սպաննուեցան 30ամեայ դասատուն, իր երկու աղջնակները(երեք եւ վեց տարեկան) եւ ուրիշ ութը տարեկան աղջնակ մը։ Նիքոլա Սարքոզի ի լուր պատահածին անմիջապէս գնաց ողբերգութեան վայրը շարք մը նախարարներու,բարձրաստիճան անձերու եւ երկրի հրէական համայնքի առաջնորդներու ուղեկցութեամբ պատահածը սահմանելով ՝՝ Ազգային Ողբերգութիւն մը՝՝ ։ Սարքոզի խոստացաւ բոլոր ջանքերը ի գործ դնել յանցագործը յայտնաբերելու համար։
Նոյնպէս Ընկերվարական ֆրանսուա Օլլանտ(նախագահական թեկնածու) ժամանեց Թուլուզի Հրէական Դպրոցը ՝՝նողկալի յանցագործութիւն՝՝ որակելով պատահածը։ Սարքոզի եւ Օլլանտ առ այժմ յետաձգած են իրենց ընթացիկ նախընտրական ելոյթները։
Ողբերգութեան առնչութեամբ քննադատական ելոյթներ ունեցան նաեւ Եւրոպական Յանձնաժողովի եւ այլ Եւրոպական Կառոյցներու ներկայացուցիչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.