2012-03-20 13:10:22

Զալքայի Ս Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Ս. Պատարագի Ընթացքին՝ Մեծարուեցաւ
Եկեղեցւոյ Մէջ Երկար Տարիներ Ծառայած Սարկաւագը՝ Ժոզէֆ Ժամկոչեան, Նաեւ՝ Նշուեցաւ Սկաուտական Օրը։ Լիբանան-


Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 18 մարտի առաւօտեան՝ հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ գերապատիւ Հ Նարեկ վրդ Լուիսեանը.
Իր քարոզին մէջ պատարագիչ վարդապետը խօսեցաւ Ս Յովսէփ՝ ( աստուածահօր) տօնին մասին, որ կը յիշատակուի 19 Մարտին, շեշտը դնելով անոր ունեցած դերին Յիսուսի ու Մարիամի հանդէպ։
Այս առթիւ նաեւ շնորհաւորեց անուան տօնը (հայ կաթ. եկեղեցւոյ մէջ) տարիներ շարունակ ծառայած՝ սարկաւագին՝ Ժոզէֆ Ժամկոչեանին անուան տօնը. որ 17 տարեկանէն արդէն սկսած էր (Հալէպի մէջ) եկեղեցւոյ ծառայել , ապա Լիբանան հաստատուելով՝ շարունակած է գործել Պուրճ Համուտի՝ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ. իսկ 25 տարիներէ ալ՝ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ անխոնջ կերպով կը ծառայէ. մեծապէս սիրուած ու յարգուած է բոլորէն իր բարի նկարագրին ու հայրական գուրգուրանքին համար հանդէպ բոլորին ու գեղեցիկ ձայնին համար ։
Այժմ իր առողջական վիճակը չի ներեր որ սպասաւորէ ու սրբզ. երգեցողութիւնը կատարէ իր գեղեցիկ ձայնով ու Մարաշի աւանդական եղանակով, սակայն կը մասնակցի կիրակի օրերը Սուրբ պատարգին։
Հայր Նարեկ, Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բարեշնորհ՝ սարկաւագին, ու քրիստոսի խաչելութեան յուշանուէրով մը զինք պատուեց։
Հուսկ եկեղեցւոյ՝ Տիկնանց Միութեան հիւրասրահին մէջ ընդունելութեան ընթացքին, ներկաները շնորհաւորեցին մեծարեալը եւ անոր ընտանեկան պարագաները ։
Այս առթիւ նաեւ տեղի ունեցաւ սկաուտական օրը։
Արդարեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքի օրհնութեամբ՝ կրկին վերակազուեցաւ Ս Խաչ եկեղեցւոյ սկաւուտական ՜՜Արիներու՝՝ խումբը։
Սոյն Սկաւուտական խումբը կազմուած էր Զալքայի մէջ 1984-ին՝։
Անցեալի փոքրիկ պատանիները դարձած են այժմ երիտասարդներ, հայրեր ու մայրեր, անոնք խանդով ու եռանդով լեցուած՝ պատրաստ են ծառայելու համայնքին։
Սկաուտներու խումբը արդէն կազմակերպեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոսին Ա. տարելիցը, ու ժողովրդապետին՝ Հ. Նարեկին գաւազանի տուչութեան արարողութիւնը եւ պատրաստ է շարունակելու՝ ծառայութիւնները ի սպաս եկեղեցւոյ։
Հայր Նարեկ Արիներուն յարատեւութեան ու վերելքի իր սրտաբուխ մաղթանքները յայտնեց, առաւել խանդով ծառայելու եկեղեցւոյ, ազգին եւ հայրենիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.