2012-03-19 12:42:36

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ «Հայ Լրագրողներու 6-րդ Համաժողով»-Ի Գործադիր Մարմինի Անդրանիկ Նիստը :


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի նախագահութեամբ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ «Հայ լրագրողներու 6-րդ համաժողով»-ին գործադիր մարմինի անդրանիկ նիստը, որուն համացանցին միջոցով մասնակցեցան նաեւ գործադիր մարմինի սփիւռքեան անդամները` «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Արմինիըն միրըր սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան (Միացեալ Նահանգներ), «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան (Ֆրանսա) եւ «Նոյեւ Քովչեկ» ամսաթերթի խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան (Ռուսիա): Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց, որ նախապէս կազմուած ժամանակացոյցով հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին ներկայացուած առաջարկները, կը մշակուին եւ կ՛իրականացուին ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ` ներկայացուած տագնապներու լուծման ուղղութեամբ:
Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած հայ լրագրողներու շրջանային հաւաք-հանդիպումներուն, Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու նոր ղեկավարներու հետ հանդիպման: Ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան միացեալ ծրագիրով իրականութիւն դարձած է լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին կատարուած առաջարկ մը եւս. յաջողութեամբ սկսած է Արցախի լրագրողներու մասնագիտական որակաւորման բարձրացման նպատակով կազմակերպուած հեռավար դասախօսութիւններու շարքը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այս տարի կազմակերպուելիք «Հայ լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողով»-ին, Սփիւռքի լրագրողներու ամառնային դպրոցին, «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար» «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց» մրցումին նախապատրաստական աշխատանքներուն, «Արցախը ակնթարթներու մէջ» լուսանկարչական մրցումին առնչուող եւ այլ հարցեր:
Գործադիր մարմինը հաստատեց լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի խորագիրը եւ ժամկէտը. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 4-6 հոկտեմբեր 2012-ին: Կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ, օտար զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ աշխատող հայ լրագրողներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար» «Լաւագոյն հայկական լրատուամիջոց»-ի մրցումին մրցութային յանձնախումբի կազմը:








All the contents on this site are copyrighted ©.