2012-03-19 12:23:55

Պատրիարք Լահամ Խօսելով Արաբական Աշխարհի Ներկայ Կացութեան Մասին, Սրտայոյզ Կոչ Մը Ըրաւ, Երկխօսութեան Ի Նպաստ ։


Ան հաստատեց որ արաբական գարունը կրնայ իրականանալ միմիայն իսլամ-քրիստոնեայ միութեան մէջ։ Ան ընդգծեց որ անհրաժեշտ է երկխօսութիւնը Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։ Պատրիարքի գնահատումով միայն երկխօսութեամբ կարելի է երաշխաւորել համակեցութիւնը միասնաբար խաղաղութեամբ ապրելու ու բարգաւաճելու։ Քրիստոնեաներու պարտականութիւնն է կատարել խաղաղարարի դերը ։ Խօսելով Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին մասին, ան հաստատեց որ բանակը իր միջամտութիւնը կը բերէ ՜՜միմիայն հարկաւորութեան պարագային՝՝։
Հուսկ կոչ ըրաւ Եւրոպային, որ մէկ ձայնով խօսի նպաստելու՝ խաղաղութեան հաստատումին եւ միաժամանակ ցաւ յայտնեց որ արեւմտեան մամուլը կը գործէ ապատեղեկութեան ու լուրերու խեղաթիւրումի. ան միաժամանակ խնդրեց մարդու իրաւունքներու դաշնագիրի մը ստեղծումը ներկայ արաբական աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.