2012-03-19 12:42:53

Հրանդ Տինքի Մարդասպանը Հերոսացուցած Ոստիկանի Պաշտօնը Բարձրացած . (Թուրքիա) ։


Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք մարդասպան Օկիւն Սամասթի հետ միասին, թրքական մեծ դրօշի առջեւ լուսանկարուած ոստիկաններէն մէկը, որ որեւէ պատիժի չէր արժանացած, մեծ արագութեամբ սկսած է յայտնի դէմք մը դառնալ(Կը տեղեկացնէ թրքական Radikal- օրաթերթը):
Օկիւն Սամասթի հետ լուսանկարուած Եագուպ Քուրթարան ոստիկանը արդարեւ նշանակուած է Մալաթիոյ Մարզի անվտանգութեան ծառայութեան պետի տեղակալ:
Լուսանկարները ի յայտ գալէն ետք 2007-ի Փետրուար 5-ին անոնք հարցաքննութեան կանչուած էին, անկէ ետք Եագուպ Քուրթարանին առաջարկուած էր 16 ամիս չաշխատիլ, բայց ինք չէր համաձայնած։ Անոր աշխատավարձէն մէկ օրուան համար պահում կատարուած էր: Սակայն ան բողոքարկած էր Սամսունի առաջին վարչական Դատարան եւ որոշումը չեղեալ նկատուած էր:
Անկէ ետք Եագուպ Քուրթարան ոստիկանին պաշտօն տրուած էր անձնագրային վարչութենէն ներս:
Յիշենք որ մարդասպան Օկիւն Սամասթը հերոսացնելով անոր հետ նկարուած բոլոր ոստիկանները արդարացուցած էին, բայց քննարկում յարուցած էին նկարները հրապարակած մարդոց նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.