2012-03-19 12:44:25

Եգիպտոսի Քրիստոնեաներն Ու Իսլամները Կը Սգան Շնոտա Գ. Պապին Վախճանումը


Եգիպտոսի ղպտիները կը սգան իրենց հոգեւոր պետին` Շնոտա Գ. պապի վախճանումը: 88-ամեայ պապը 40 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ Եգիպտոսի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը:
Սգաւորներ անոր վախճանման լուրը լսելէ ետք Եգիպտոսի ղպտիական գլխաւոր տաճարը փութացին: Անոր մարմինը Գահիրէի Ապպասիա շրջանի Մայր տաճարին մէջ կը գտնուի, ուր ժողովուրդը իր յարգանքի վերջին տուրքը կը մատուցէ ղպտիներու հոգեւոր պետին:
Անոր մահը կը զուգադիպի այնպիսի պահու մը, երբ Եգիպտոսի 10 միլիոն քրիստոնեաները իսլամականներու հետ լարուածութենէն եւ այս վերջիններուս վերջին ընտրութիւններուն արձանագրած մեծ յաղթանակներէն ետք իրենք զիրենք վտանգուած կը զգան: Հակառակ այս իրողութեան, Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը իր կայքէջին վրայ զետեղեց ցաւակցական հաղորդագրութիւն մը:
Շնոտա Գ. պապին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը որ հովուապետական այցելութեամբ Եգիպտոս կը գտնուի, ի լուր Շնուտա Գ Պապի մահուան իր խոր ցաւը յայտնեց նաեւ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց ղպտի եկեղեցւոյ եւ եգիպտացիներուն:
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը իր կարգին կ՝աղօթէ երջանկայիշատակ
Շնուտա Գ. պապին հոգւոյն համար, նաեւ կղերը ամբողջ կը միանայ Սուրիոյ ժողովուրդին համար աղօթելու, յիշելով նաեւ Միջին արեւելքի քրիստոնեաները։ Ռայի պատրիարքը Գահիրէի առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան. Զահեր շրջանի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանը ամբողջական զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ Եգիպտոսի եւ եգիպտացի ժողովուրդին` մաղթելով, որ Եգիպտոսի մէջ կարելի ըլլայ կատարեալ խաղաղութիւն հաստատել:Ան վերահաստատեց, որ Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւնը կը միտի Եգիպտոսի զօրակցիլ, որպէսզի ան վերստանայ քաղաքակրթութեան օրրանի իր պատգամը եւ շարունակէ իր պատմական դերակատարութիւնը: Մասըր Ժատիտա շրջանի եւ տեղւոյն Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց պատարագ մը, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ասիութի մարոնի առաջնորդին հետ: Ըստ Մարոնիներու պատրիարքին, եթէ լիբանանցիները միասնական չդառնան, ապա անոնք ամբողջ աշխարհին մէջ դերակատարութիւն պիտի չունենան: «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայիպ մերժած է ընդունիլ Ռայի պատրիարքը








All the contents on this site are copyrighted ©.