2012-03-17 12:55:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Խնդրեց Աշխարհական Զոյգէ Մը, Որ 2012-ի՝ Ճանապարհ Խաչի 14 Կայաններու Խորհրդածութիւնները Պատրաստէ։
Ընտանիքը կը կազմէ մտածականին առանցքը ։


Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը յայտարարած է թէ ՝ 2012-ի Աւագ Ուրբաթ Օրուայ Ճանապարհ Խաչի արարողութեան 14 կայաններու աղօթքներու պատրաստութիւնը Սրբազան Քահանայապետին խնդրանքով, յանձնուած է ֆոգոլարի Շարժումի անդամ Իտալացի Տէր եւ Տիկին Տանիլօ Եւ Աննա Մարիա Ծանծուգգի ամոլին։
Ասիկա առաջին անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը աշխարհական զոյգէ մը կը խնդրէ խորհրդածութիւններու պատրաստութիւնը, որոնց՝ 2012-ի գլխաւոր նիւթն է ՜՜Ընտանիքը որպէս նախապատրաստութիւն Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքին՝՝ որ յառաջիկայ մայիս 30- մինչեւ 3 յունիս պիտի գումարուի Միլանօ քաղաքին մէջ։
Նշենք որ, ըստ աւանդութեան, Ճանապարհ խաչի արարողութիւնը ամէն տարուայ աւագ ուրբաթ օրը տեղի կ՝ունենայ Հռոմի Գոլոսսէում Ամփիթատրոնին մէջ, Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։ Յօրինուած աղօթքները պիտի արտասանուին ճանապարհ խաչի աւանդական 14 կայաններու հանգրուաններու ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.