2012-03-17 12:56:43

Մալաթիոյ Եկեղեցին Կը Վերանորոգուի։


Թուրքիոյ թերթերը կը գրեն թէ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը գումար յատկացուցած է որպէսզի նորոգուին Մալաթիոյ Հայոց Եկեղեցին,ինչպէս նաեւ ՎԱՆՔ գիւղի Եկեղեցին։ Մմալաթիոյ 250ամեայ Սուրբ Թաշխորան Եկեղեցին կը գտնուի Մալաթիոյ այն թաղին մէջ ուր ծնած էր Հրանդ Տինք։
Ներկայացուած վերաշինութեան ծրագիրը վաւերացուած է, եւ որոշուած որ պետական պիւտճէէն ներդրումներ կատարուին այս Եկեղեցիներէն ներս վերականգնողական աշխատանքներ կատարելու նպատակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.