2012-03-17 12:57:00

Հ Հ Վարչապետ՝ Տիգրան Սարգսեան Ըսած Է ՜՜Պէտք Է Մեր Երեխաները Վարակենք Գիրք Սիրելու Հիւանդութեամբ՝՝։


«Զանգակ» հրատարակչութեան եւ գրախանութի բացման առիթով Հայրենի Վարչապետը ըսաւ. «Մենք պէտք է մեր երեխաներին վարակենք գիրք սիրելու հիւանդութեամբ»:
«Մենք պարտաւոր ենք այդ սրբութիւնը` գիրքը, պահպանել եւ փոխանցել մեր սերունդներին: Մենք պէտք է մեր երեխաներին վարակենք գրքի հիւանդութեամբ, եւ դա շատ կարեւոր հիւանդութիւն է: Ցանկանում եմ կառավարութեան անունից յայտնել շնորհակալութիւն նման միջոցառման համար եւ ցանկանալ գրքին ծաղկում եւ բարգաւաճում»:
Ձեռնարկի ժամանակ Հայաստանի վարչապետին գրախանութին մէջ նուիրեցին ելեկտրոնային գիրք, ուր կարելի է պահպանել ամբողջ ելեկտրոնային գրադարան մը:
Միջոցառման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Ժառանգութիւն» կուսկացութեան անդամ Անահիտ Բախշեան, որ Tert.am-ին հետ զրոյցին ըսաւ, որ գրախանութներու աւելնալը հրաշալի երեւոյթ է: Ան նաեւ նշեց, որ պէտք է գրախանութները հարկերէն զերծ մնան, որ հնարաւորութիւն տրուի գրախանութներու աւելացման, որուն շնորհիւ ալ ինքնաբերաբար կը շատնան գիրքեր գնողները:








All the contents on this site are copyrighted ©.