Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Ֆրանսուա Օլանտ Մարսէյլի մէջ Մարտ 14ին հանդիպած է քաղաքի
հայ համայնքի ներակայացուցիչներու հետ: Օլլանտը ընդունած են Ֆրանսայի մէջ հայկական
կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Ժուլիէն Հարունեան եւ քարտուղար Փասքալ
Շամասեան: Ֆրանսուա Օլլանտ ծաղկեպսակ դրած է Պրատոյի հայկական տաճարին մէջ, Ցեղասպանութեան
Զոհերու Յիշատակին նուիրուած Յուշակոթողին: Իրմէ առաջ այդ նոյն վայրին մէջ՝ 23 Ապրիլ
1981ին ծաղկեպսակ դրած էր նաեւ Ֆրանսայի 21րդ նախագահ Ընկերվարական Ֆրանսուա Միթերան: Ֆրանսուա
Օլանտ վերահաստատած է ընտրուելու պարագային Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող
օրէնքի ընդունելուն մասին իր դիրքորոշումը: Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու
համակարգող խորհուրդը ողջունած է Օլլանտի այդ յայտարարութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ ինք
հետամուտ պիտի ըլլայ, որ Մարսէյլի մէջ խոստացուած պարտաւորութիւնները՝ իր ընտրուելուն
պարագային՝ իրականութիւն դառնան։ Այս մասին կը գրէ Nouvelles d'Armenie: