2012-03-16 12:48:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ 23-29 Մարտ 2012, Մեքսիքօ եւ Գուպա կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան Ներկայացումը։


Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ.ի Անուան Սրահին մէջ, Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին առաւօտեան ժամը 11.30-ին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ 23-29 Մարտ 2012, Մեքսիքօ եւ Գուպա կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետի միջազգային այս 23րդ Հովուական առաքելութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Լատին Ամերիկեան երկիրներու անկախութեան 200 ամեակի առթիւ , Սրբազան Հօր այցելած 23-րդ երկիրն է։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ Մէսսիքօն, ինչպէս ըսինք երկրի անկախութեան 200 ամեակի առթիւ, որուն տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան 2010ին մինչ Գուպայի այցելութիւնը կապուած է Virgen de la Caridad del Cobre-ի գիւտի 400րդ տարեդարձին։
Առաքելական Ճամբորդութեան ամենակարեւոր հանգրուաններն են` բացի պաշտօնական հանդիպումներէ, Մէսսիքօյի Parco del Bicentenraio զբօսայգիի մէջ 25 մարտի առաւօտեան Սուրբ Պատարագը ու յետ միջօրէին նախատեսուած Ժամասացութեան արարողութիւնը, մինչ Գուպայի մէջ, Ճամբորդութեան ամենակարեւոր հանգրուանները կը հանդիսանան. Սանդիակօ Տէ Գուպայի ` ’Antonio Maceo’ յեղափոխութեան հրապարակին վրայ բացօթեայ սուրբ պատարագը ու ապա Լա Հաւանայի մէջ չորեքշաբթի 28 մարտին, առաւօտլան բացօթեայ սուրբ պատարագը Հապանայի ’José Marti’ յեղափոխութեան հրապարակին վրայ։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետին Հռոմէն դէպի Մէքսիքօ ճամբորդութիւնը 14 ժամ տեւողութեամբ ճամբորդութիւն մըն է։ Առաքելական այս 23րդ այցելութեան նշանաբաներն են. Գուպայի համար <<Սիրոյ Ուխտաւոր>> իսկ Մէսսիքոյի համար <<Յոյսի Ուխատաւոր>> Այս ուղղութեամբ անցեալ 13 մարտին Մէսսիքոյի մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ Սրբազան Քահանայապետի Ճամբորդութեան Գարլոս Լարայի յօրինած օրհներգը որուն առաջին նախադասութիւնը այսպէս կը հնչէ <<խաղաղաութեան պատգամաւոր, սիրոյ պատգամաւոր, որ իմ սրտիս յոյս կը պարգեւէ այս ժողովուրդը քեզի հաւատարիմ է >> ։








All the contents on this site are copyrighted ©.