2012-03-16 12:49:01

Հռոմի Ճեմելլի Վիրաբուժական Համալսարանը Եւ Բազմաբուժարանը Կը Տօնէ Իր Հիմնարկութեան 50ամեակը։


Սրբազան Հայրը 3 մայիսին կ'այցելէ քահանայապետներու հիւանդանոցը։
Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկագրէ որ յառաջիկայ 3 մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Ճեմելլի բազմաբուժարանը, անոր հիմնարկութեան 50-ամեակին առթիւ եւ տեղւոյն վրայ ճառ մը պիտի արտասանէ։
Ճեմելլի կաթողիկէ համալիրը կը ներփակէ համալսարանական բժշկական մասնաճիւղ մը եւ բազմաբուժարան մը։ Իր քահանայապետութեան այս տարիներուն Նորին Սրբութիւնը չորս անգամ այցելած է Ճեմելլին։
Առաջին ամիսներուն (իր քահանայապետութեան) 5 օգոստոս 2005-ին, այցելութիւն կատարած էր իր քահանայ եղբօր որ հիւանդանոցն էր։ Նոյն տարին Նորին Սրբութիւնը բացումը կատարած էր կաթողիկէ համալսարանի ակատեմական տարւոյն։ 9 յունուար 2010-ին Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ հիւանդանոցը գացած էր այցելելու կարտինալ Էչիկարային, որուն ոտքը կոտրուած էր ճրագալոյսի պատարագին ընթացքին։ Իսկ 5 յունուար 2011-ին Նորին Սրբութիւնը նոյն հիւանդանոցին մէջ այցելած էր մանուկներու բաժինը։ Նշենք որ Ճեմելլի հիւանդանոցը աշխարհառչակ դարձած էր յաճախ ընդունելով ու խնամելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը։ Ներկայիս 82 տարեկան կարտինալ Ինքնատիոս Տաուտը՝ Ճեմելլի հիւանդանոցը կը գտնուի բուժուելու համար։ Ան եղած է ասորի կաթողիկէներու պատրիարքը եւ կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.