2012-03-16 12:50:31

Համացանցի Շնորհիւ Այլեւս Կարելի Է Այցելել Յիսուսի Սուրբ Թաղման Տաճարը։


Ս. Երկրի Պահակութիւնը նոր կայք մը ստեղծած է նուիրուած Յիսուսի սուրբ Թաղման տաճարին, այցելուներուն կարելիութիւն տալով մօտէն ճանչնալու տաճարը, (կը կարդանք Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքութեան կայքին մէջ)։ www.saintsepulcre.custodia.org կայքը բանալով՝ այցելուն կարելիութիւն պիտի ունենայ ամբողջութեամբ ճանչնալու Յիսուսի սուրբ Թաղման տաճարը, շնորհիիւ տրուած տեղեկութիւններուն, ու մանրամասնութեամբ տեսնելու տաճարին ամէն մէկ անկիւնը։ Այցելուն կարելիութիւն պիտի ունենայ թղթատելու տաճարին պատմական վաւերաթուղթերը, անոր կառուցումէն սկսեալ։ Ս. Երկրի Պահակութիւնը մտադիր է յաջորդաբար նոյնը ընել Երուսաղէմի բոլոր սուրբ վայրերուն համար ալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.